
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ, «Քրեսենթա Վելի Ուիքլի».- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան երկարամեայ անդամ Կրեկ Գրիգորեան յայտարարեց, թէ դարձեա՛լ իր թեկնածութիւնը դրած է կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութեանց, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարուան Ապրիլին։
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, վարչութեան թեկնածուները պիտի մրցին՝ տարբեր ընտրաշրջաններու կողմէ ընտրուելով, փոխանակ ամբողջ քաղաքին կողմէ ընտրուելու։
Գրիգորեան, որ 16 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ է, պիտի մասնակցի քաղաքի 2րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց։ Ան գնահատելի կը գտնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մատուցած սպասարկութիւնները, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ տակաւին բաւական աշխատանք կայ կատարելիք, կրթաշրջանը աւելի բարելաւելու նպատակով։ Գրիգորեան կը յիշեցնէ, թէ իր զաւակներն ալ կը յաճախեն կրթաշրջանի վարժարանները։
Նշենք, որ Կրեկ Գրիգորեան վերջերս նշանակուած էր Քալիֆորնիոյ կրթաշրջաններու միութեան անդամ, ինչ որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին ձայնը առաւել դիւրութեամբ պիտի հասցնէ նահանգային մայրաքաղաք։
Յայտնենք, որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ Ապրիլ 24ը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համար արձակուրդային օր, եւ այս կրթաշրջանի վարժարաններուն մէջ կը դասաւանդուին հայերէն ու Ցեղասպանութեան նուիրուած դասանիւթեր։