Խ. ՏԷՐ ՂՈԻԿԱՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը նշող 2015 թուականը ազգային յառաջընթացի բազմաթիւ դրական նախանշնաններ տուաւ: Չորս տարի առաջ սկսած գործընթացը՝ համաշխարհային մասշտապով նշելու այդ խորհրդանշական թուականը եւ ընդմիշտ փակելու հայ-թրքական փրոթոքոլներուն տխուր էջը, լիովին արդարացաւ Հայաստանի թէ սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ միջազգային լայն արձագանգ գտած նախաձեռնութիւններով: Հակառակ անոր, որ թրքական ժխտողականութիւնը փորձեց նսեմացնել համահայկական զօրաշարժը ապրիլեան բախտորոշ օրերուն, իսկ մարդկութեան հաւաքական յիշողութիւնը ապակողմնորոշելու եւ աղաւաղելու կոչուած հականախաձեռնութիւններով եւ յայտարարութիւններով, Ցեղասպանութեան միջազգային իրողական եւ իրաւական ճանաչումը հարցականի տակ չէր դրուեր: Հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկներուն սկիզբ տուող համահայկական յայտարարութիւնը, զոր Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեան ընթերցեց Յունուար 19, 2015ին, ի լուր աշխարհի կը հաստատէր պահանջատիրութեան արդարահատոյցի հանգրուանին պաշտօնական սկիզբը: Թէեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծայր առած դատական գործերը, Սիսի կաթողիկոսութեան վերադարձի դիմումը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած ուսումնասիրութիւնը
փաստացի իրողութիւններ էին, որ արդարահատոյցի ուղղութեամբ աշխատանքներ արդէն կը ծաւալէին, այս յայտարարութեամբ պետութիւնն էր որ, վերջապէս, յանձնառութիւն կը վերցնէր արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս բարդ եւ ռիսքային այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու:
Տակաւի՛ն, կը սպասուէր, որ հարիւրերորդ տարելիցի համահայկական յանձնաժողովը վերածուէր մնայուն խորհուրդի, որով եւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը մէկ քայլ առաջ կ՛երթար ռազմավարական հայեցակարգի մը առաջացման ուղղութեամբ:
Քառորդ դար անկախութեան տարեդարձը անցած տարուան ընթացքին սակայն այլ իրականութեան դէմ յանդիման դրաւ հայութիւնը: Նախ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ապա յուլիսեան խռովութիւնները եւ Սեպտեմբերին կառավարութեան փոփոխութիւնը եկան ոչ միայն նախորդ տարուան լաւատեսութիւնը խախտելու, այլ ծնունդ տուին նոր մտահոգութիւններու՝ Հայաստանի եւ, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի ապագային մասին:
2017 թուականը յղի կը թուի ըլլալ միջազգային վերիվայրումներով, որոնց նախանշանները յստակօրէն տրուեցան նախորդ տարուան ընթացքին: Անոնց կարգին՝ Միջին Արեւելքի մէջ ռուս-թրքական արագ մերձեցումը, Պրեքզիթը (Brexit), Միացեալ Նահանգներու մէջ Տոնալտ Թրամփի անբաղձալի, բայց ոչ այնքան անակնկալ ընտրութիւնը: Այս բոլոր իրադարձութիւններու փոխկապակցութիւնը բնականաբար մեկնաբանութիւն է միայն եւ ոչ անպայմանօրէն պատճառ-արդիւնքի իրողութիւն: Աւելի՛ն, միջազգային զանգուածային միջոցներուն մէջ ընդհանրապէս բացասականօրէն ընկալուած այս իրադարձութիւնները, որոնք կրնան դանդաղեցնել եթէ ոչ առկախել պաղ պատերազմի աւարտով արագընթաց զարգացող համաշխարհայնացումը, ունին ոչ միայն բանական բացատրութիւն, այլ բարացուցական են հակահամաշխարհայնացման զօրավիգ մարդկային հսկայական զանգուածներու գոյութեան իրողութեան: Այլ խօսքով՝ մտահոգիչ հեռանկարներով յղի այս երեւոյթները աւելի են, քան քիչ մտածուած ու արհամարհականօրէն անոնց հասցէին նետուած «փոփուլիզմ»ի (ժողովրդական-Խմբ.) անհամոզիչ բացատրութիւնը: Նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է ըսել, թէ անոնցմէ ոչ մէկը, բացի, հասկնալիօրէն, ռուս-թրքական մերձեցումը, իր անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին թէ ներքին քաղաքական գործընթացին վրայ: Սակայն կարելի չէ եկող տարուան խորհրդարանական այնքան կարեւոր ընտրութիւններուն մասին մտածել՝ բոլորովին անտեսելով միջազգային ոլորտին մէջ վերիվայրումներու, անակնկալներու եւ մինչեւ իսկ վտանգաւոր ցնցումներու առկայութիւնը:
Հայաստանի մէջ ապրիլեան պատերազմի եւ յուլիսեան դէպքերու առթած մտահոգութիւնները բացայայտ դարձան նաեւ Սփիւռքի մէջ, ուր եթէ մէկ կողմէ քառօրեայ պատերազմին հակազդեցութիւնը ծնունդ տուաւ հակաազերիական հանրածանօթ զօրաշարժին, յուլիսեան խռովութիւններուն ընթացքին իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը առաջացուց թերեւս նախընթացը չունեցող ընդվզումի եւ բողոքի արտայայտութիւններու, որոնք թէկուզ եւ սաղմնային քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու վերածուելու սկսան:
Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս Հայաստանի մէջ 2017ի ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կայացման վերահսկումի ծրագիրին, որ միջազգային հանրածանօթ հայ դէմքերու աշխոյժ զօրակցութիւնը կը վայելէ: Միեւնոյն սաղմնային իրավիճակին մէջ են նաեւ ընդհանրապէս համալսարանական ամպիոններու թէ հիմնարկներու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացին մասին հրապարակային քննարկում-բանավէճերը: Թէ այս նախաձեռնութիւններէն ոմանք քաղաքական յատուկ օրակարգ ունենան, անոնց մասնակիցները, սփիւռքեան թէ հայրենի մտաւորական, հասարակական եւ քաղաքական դերակատարներ, սեփական շահեր հետապնդեն, թէ բանավէճերու ընթացքին հնչող առաջարկները երբեմն ծիծաղելիօրէն պարզամիտ ու յաւակնոտ ըլլան՝ այնքան ալ կարեւոր չէ, որքան այն, ինչ այս նորատեսակ զօրաշարժը երեւան կը հանէ. Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հայեցակարգի մը բացակայութիւնը:
Արդարեւ, բացառելով արցախեան ճակատին վրայ լայնամասշտապ պատերազմի մը բռնկումը, կասկած չկայ, որ 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւնները եկող տարուան ընթացքին հայրենի իրականութեան մէջ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնն են: Այդ ընտրութիւններն են, որոնք պիտի նախապատրաստեն 2018ին համար նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնը, ընդ որում Հայաստանը պիտի վերածուի խորհրդարանական կառավարական համակարգի:
Առանց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ յուլիսեան դէպքերուն Սփիւռքի համար խորհրդարանական գալիք ընտրութիւնները հաւանաբար ըլլային նոյնքան անկարեւոր, որքան եղած են նախկին բոլոր ընտրութիւնները, ներառեալ վերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու քուէարկութիւնը, որ, ենթադրաբար, ընթացքի մէջ եղող համակարգային փոփոխութեան ազդանշանը պիտի տար: Նման ազդանշան եթէ եղաւ, շատ աւելի շարունակականութեան փաստ եղաւ, թէկուզ եւ, ըստ երեւոյթին, ընտրութեան մաքուր, ազատ եւ թափանցիկ ըլլալու իրողութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր: Բայց Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ ամենակարեւոր քաղաքներուն՝ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ընտրուեցան համակարգի շարունակականութեան փաստը տուող թեկնածուները…
Ճիշդ է, ՏԻՄի ընտրութիւններուն սփիւռքեան հետաքրքրութիւն փնտռելը պարզամտութիւն է: Բայց հարցը ազդանշաններու («սիկնալ»՝ գործածելու համար հայրենի «կլոպալացած» քաղաքական բառապաշարի վերջին նորոյթը դարձած բառը…) մեկնաբանութիւնն է եւ անոնց անդրադարձը: Աւելի՛ն, թէ ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպուի սփիւռքեան վերահսկողութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ինքնին առանձին խնդիր է, եւ աւելի հարցական է նախաձեռնութեան անդրադարձը նոյնինքն ընտրական գործընթացին վրայ: Այլ խօսքով՝ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքով համակարգային փոփոխութիւնը թէ շարունակականութիւնը կախում պիտի ունենայ բացառաբար ներհայաստանեան ազդակներէ եւ ոչ թէ Սփիւռքի վերահսկողութենէն:
Այդուհանդերձ, ոչ ոք իրաւունք ունի կասկածելու թէ ե՛ւ յուլիսեան դէպքերէն ետք Սփիւռքէն բարձրացած քննադատական ձայներու, ե՛ւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերահսկողական առաքելութեամբ մասնակցելու որոշման անկեղծութեան եւ բարոյականութեան վրայ:
Բայց սփիւռքեան մասնակցութիւնը հայաստանեան ներքաղաքական ոլորտին՝ ընտրական գործընթացի մաքրութեան, ազատութեան եւ թափանցիկութեան ջատագով եւ պաշտպան ըլլալէ անդին պէտք է մտածուի: Երկու փոխլրացուցիչ նախաձեռնութիւններ կրնան այդ մէկը իրականացնել: Անոնցմէ առաջինը Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հայեցակարգի պատրաստութիւնն է, երկրորդը՝ Ազգային ժողովէն ներս սփիւռքեան ներկայացուցչութեան առաջացումը: Ասոնցմէ ոչ մէկը կ՛ենթադրէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման ուղիին վրայ հիմնական յառաջընթաց հանդիսացած սփիւռքի նախարարութեան չէզոքացումը: Ընդհակառակը, կը հաստատէ անոր դերակատարութեան լայնացման անհրաժեշտութիւնը՝ ներառելու համար մինչեւ իսկ դեսպանատուներէն ներս բաժանմունքներու ստեղծում: Անշուշտ որ նման նախաձեռնութիւններու ֆինանսաւորումը Հայաստանի պետական պիւտճէին վրայ բեռ չի կրնար ըլլալ: Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հայեցակարգի թերեւս առաջնակարգ խնդիրը պէտք է ըլլայ նման առաքելութիւններու ֆինանսաւորումը:
Երկու նախաձեռնութիւններն ալ իրենց կարգին սփիւռքեան համայնքներէն ներս նոր աշխուժութիւն պիտի յառաջացնեն եւ կրնան մինչեւ իսկ երիտասարդ սերունդներուն համար հայանուէր գործի նոր ասպարէզներ բանալ: Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հայեցակարգը, մէկ խօսքով, ե՛ւ պիտի ամրագրէ համագործակցութեան ռազմավարական բնոյթը, ե՛ւ պիտի մասնագիտացնէ յարաբերութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովէն ներս սփիւռքեան ներկայացուցչական բաժանմունքի մը յառաջացման՝ անոր նպատակը Հայաստանի մէջ սփիւռքեան շահեր ներկայացնելը չէ, այլ՝ հայաստանեան ներքաղաքական ոլորտին հետ ուղղակի առնչումը: Սփիւռքեան շահեր հասկացողութիւնը ոչ միայն իմաստ չունի, այլ կրնայ մինչեւ իսկ վտանգաւոր թուիլ: Չկան սփիւռքեան շահեր, կան ազգային շահեր, որոնք կը ներառեն, պէտք է ներառեն, անհրաժեշտաբար նաեւ Սփիւռքի մտահոգութիւնները, կարիքները եւ պահանջները:
Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութեան հեռանկարը լուսանցքի վրայ ձգած է սփիւռքեան երեւոյթը, չէ ընկալած զայն որպէս ազգային շահերու մէկ անբաժան մասնիկ:
Այս մէկը չի նշանակեր, որ Սփիւռքը անտեսուած է:
Ընդհակառակը, սփիւռքեան ազդակի յաւելեալ ներգրաւման առաջարկի բանաձեւումը խարսխուած է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու որակական զարգացման համոզումին վրայ, ի մասնաւորի սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ի վեր: Այդուհանդերձ, չենք կրնար լուռ անցնիլ համահայկական խորհուրդի չստեղծման, նոր սահմանադրութեան մէջ Սփիւռքին շատ սահմանափակ տեղի եւ յուլիսեան դէպքերէն ետք պետութեան ամենաբարձր մակարդակէն կատարուած մտահոգիչ բանաձեւումներուն վրայէն: Թէ նոր կառավարութեան ճիգերը որքանո՛վ պիտի արդարացուին համակարգային փոփոխութիւններու ուղղութեամբ նախքան խորհրդարանական վարչակարգի անցումը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները 2017ին, եւ անոնց հետեւութեամբ Սերժ Սարգսեանի ո՛ր խոստումը (2018ին իշխանութենէ հեռանալո՞ւ, թէ հանրապետականներու խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութեան շարունակման պարագային վարչապետի պաշտօնին առաջադրումի կարելիութիւնը նկատի ունենալու) պիտի յարգուի՝ դեռ կանուխ է այս բոլոր հարցումներուն պատասխան գտնելու համար:
Մէկ բան յստակ է՝ անհրաժեշտ է համակարգային այլ փոփոխութիւն մը Սփիւռքը լուսանցքային իրավիճակէն դուրս բերելու եւ հիմնարկային (institutional) կարգավիճակի մէջ դնելու իմաստով:
=============================================
Տէր եւ Տիկ. Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան
Զաւակները՝ Շանթ եւ Հրակ
Փեսան եւ Դուստրը՝
Տէր եւ Տիկ. Լիօ եւ Սեւանա Օհանեան
եւ Իրենց Անուշիկ Լիոնան
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորեն իրենց հարազատներուն
ու բարեկամներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
=================================================
Կարպիս եւ Ծովակ
Գարամարտեաններ
Արմէն, Միքէլ, Թալին եւ Թոռները
Թող Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
երջանկութիւն ու արդար խաղաղութիւն
պարգեւեն մեր ժողովուրդին
Zovs Bistro
17440 E. 17th Street, Tustin, CA 92780
714.838.8855
===========================================================
Նոր Տարին Յոյսերով Ու Բարիքներով Լի Տարի Մը Ըլլայ
Սամուրգաշեան Զարեհ եւ Յասմիկ Արմէն եւ Րաֆֆի
=======================================================