ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Ժիրայր Սեֆիլեանի գործով կալանաւորուած Ներսէս Պօղոսեան 15 Դեկտեմբերին բաց հացադուլ յայտարարած էր եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր հացադուլը։ «Թերթ-»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ներսէս Պօղոսեանի պաշտպան Արա Պապիկեան:
Ներսէս Պօղոսեանի համաձայն՝ ինք ապօրինի կերպով կալանաւորուած էր եւ արդարադատութենէն արդար որոշում կը պահանջէ:
Յիշեցնենք, որ Ներսէս Պօղոսեան կը մեղադրուի կազմակերպուած խումբի կողմէ ապօրինի զէնք-զինամթերք կրելու, փոխադրելու եւ պահելու յանցանքով։