ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուող հետախուզական նախաձեռնութիւններուն իբրեւ արդիւնք կանխարգիլուած է Թուրքիայէն մաքսանենգութեամբ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչներու Հայաստան ներածումը։
Ձեռք բերուած նախնական տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի քաղաքացի Ա. Հ., 31 Դեկտեմբեր 2016էն գտնուելով Թուրքիա, վաճառքի նպատակով ապօրինի կերպով ձեռք բերած է մեծ քանակութեամբ հերոյին ու մեթամֆեթամին տեսակի թմրեցուցիչներ եւ Պոլիս-Երեւան թռիչքով տեղափոխած է զանոնք Հայաստան: 3 Յունուար 2017ին, «Զուարթնոց» օդակայանի մաքսային հսկողութեան «Կարմիր ուղին» հատելէ անմիջապէս ետք, վերոյիշեալ թմրեցուցիչները յայտնաբերուած են Հայաստանի Ազգային ապահովական ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ:
Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ: Ա. Հ. ձերբակալուած է. կը կատարուի նախաքննութիւն: Միջոցներու կը ձեռնարկուին ենթադրեալ յանցակիցները բացայայտելու ուղղութեամբ:
Նման դէպք մը եթէ Իրանի մէջ պատահի, անմիջապէս կը գնդակահարեն ենթական որ ուրիշներու օրինակ դառնայ: