Նոր տարուան առիթով աւանդութիւն դարձած եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի 85ամեակին առիթով, Հինգշաբթի, 5 Յունուարին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ներկայութեամբ՝ երեք յարանուանութեանց պետերուն, Համազգայինի հրատարակչատան խնամակալ մարմինին, հրատարակչական յանձնախումբին, ցուցասրահի յանձնախումբին եւ Համազգայինի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահին կողքին գործող բարերարներու:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անխափանօրէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը իբրեւ տպարան, գրատարած, գրախանութ եւ եօթնամեայ ցուցասրահ:
Ան յայտնեց, որ այս հանդիպումին նպատակն է նաեւ տարեկան հաշուետուութիւն կատարել՝ ներկայացնելով հրատարակչատան անցնող տարուան գործերը, հրատարակած գիրքերը եւ կազմակերպած ցուցահանդէսները, հայ գիրքը հայ օճախին, հայ պատանիին ու մանուկին սիրելի դարձնելու ճիգը:
«Մենք կը հաւատանք, որ հաւաքական կեանքին մէջ առանձին ոչինչ կարելի է կատարել: Կը հաւատանք, որ մենք բոլորս միասնաբար շատ բան կրնանք իրագործել, եւ այստեղ հաւաքուած ներկաները ատոր կրկնակի ապացոյցն են», յայտնեց Յ. Հաւաթեան՝ նշելով, որ հրատարակչատունը նաեւ կը գործակցի հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ մամուլին հետ, եւ այդպիսով սփիւռքահայ գիրքի եւ հրատարակութեան պատմութեան մէջ կը կերտէ իր արժանի տեղը:
Հաւաթեան նշեց, որ վերջին շրջանին այդ գործը ամբողջացաւ հայ կերպարուեստի ներկայացուցիչներու գործերու ցուցադրութեամբ:
Համազգայինի հրատարակչատան յանձնախումբի անդամ Կարօ Յովհաննէսեան ներկայացուց հրատարակչատան կարճ պատմականը՝ շեշտելով, որ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան առաքելութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ անիկա իր իւրայատուկ տեղը ունի գրատարածման աշխատանքին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ 85ամեակի կարկանդակի հատումը, ապա՝ հիւրասիրութիւն: