ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ստորեւ՝ ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան պատգամը՝ ԿԿի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի կողմէ.
Իր հիմնադրութենէն 126 տարիներ ետք, ահաւասի՛կ անգամ մը եւս, ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը կու գայ իր հաշուետուութիւնը կատարելու հայ ժողովուրդին, իր հանգանակը ներկայացնելու ձեզի, իր յաջողութիւններն ու տուայտանքները դնելու ձեր տրամադրութեան տակ, անգամ մը եւս ոգեւորելու ձեզ, ոգեւորուելու եւ լիցքաւորուելու ձե՛ր իսկ իրեն տուած ներուժով եւ վստահութեամբ, մեր ազգի հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան հատուածներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման մեր կեցուածքներն ու առաջադրած եւ գործադրած լուծումները բաժնեկցելու: Վերջապէս, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար եղող մեր կազմակերպութեան պատեհ առիթն է այսօր՝ ձեզի հետ միաձուլուելու, ձեզի հետ միասնաբար մեր ազգի նուաճումներուն ու ցաւերուն շուրջ միաժամանակ հրճուելու եւ յուզուելու:
Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ մեր ազգային գաղափարախօսութենէն ծնունդ առած կուսակցութիւն եւ ընկերային արդարութեանց հաւատացող կազմակերպութիւն, այսպէ՛ս կը սահմանէ մերօրեայ պայմաններէն բխած իր ներկայ ռազմավարութիւնը: 2015ին գումարած իր Ընդհանուր ժողովին, ՀՅԴն ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը ունի մէկ ու միացեալ պայքար՝ Հայաստանի հզօրութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատ ու բարօր կեանքի, Հայ Դատի հետապնդման, համազգային ներուժի արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ ազգին աշխարհացրիւ մասնիկներուն ազգային ինքնութեան պահպանման համար»:
Ո՛ւր ալ գտնուինք, Դաշնակցութեան ու իրեն համակիր զանգուածներու կիզակէտը կը մնան Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը, հայ ժողովուրդի ազատ ու բարօր կեանքը, Հայ Դատի եւ անոր անկիւնաքար համարուող Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող մեր ազգային հարցերու հետապնդումը եւ ամէնէն տարբեր պայմաններու մէջ աշխարհով մէկ ցրուած մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանումը: Ահա ա՛յս է մեր դաւանածը, որուն յաջողութեան ճամբուն տրամադիր ենք ամէն տեսակի զոհողութեան, մինչեւ իսկ մեր գերագոյնը:
Մեր պատմութեան վրայ նետելով հեռահար ակնարկ մը եւ դարերը դիտելով իբրեւ սոսկ հանգրուաններ ժողովուրդներու կեանքին մէջ՝ բացայայտ է, որ մեր ժողովուրդի վերջին 200 տարիները եղան աննկարագրելիօրէ՛ն ալեկոծ: Մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ թեւերը տարանջատուեցան, ճաշակեցինք Օսմանեան, Ցարական, Սովետական կայսրութիւններու նախճիրը, ենթարկուեցանք Ցեղասպանութեան՝ բան մը, որ միայն հազուագիւտ ժողովուրդներու կենսագրութեան մէջ գրուած է, մեր թիւին մէկ կարեւոր տոկոսը ոչնչացաւ, մնացեալները տակաւ ենթարկուեցան իսլամացման, ուրիշներ՝ ձուլումի ճերմակ ջարդին, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, եւ մեր մայրենի լեզուն ենթարկուեցաւ աղաւաղման ու այլասերման: Աւելի՛ն, Արցախին պարտադրուեցաւ գոյամարտ. ա՛լ ո՞ւր մնացին Լիբանանի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ թէ այլուր մեր դիմագրաւած համայնքային գերտագնապները:
Դրականը ա՛յն է, սակայն, որ ի հեճուկս այս բոլորին՝ ունեցանք հայրենի՛ք, որ ունի հզօր բանակ, ունեցանք Արցա՛խ, որ թօթափեց օտարին եւ կեղեքողին լուծը, եւ ունեցանք Սփիւռք, որ իր վէրքերը ամոքելով, գիտցաւ ազգային օրակարգը առաջնահերթութեան վերածել եւ հարկ եղած պարագային բազուկո՛վ իսկ իր Դատին արդար լուծումը հետապնդել: Իբրեւ կուսակցութիւն, եթէ ունէինք եւ տակաւին ունի՛նք Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման մէջ մեր կարեւոր բաժինը, Արցախեան ազատամարտին մէջ մեր լուման, իսկ Սփիւռքի մէջ մեր ազդու դերն ու ղեկավարման հանգանակը, ապա այդ մի՛շտ բխեցաւ մեր ազգային ակունքներէն եւ մեր գոյութեան իսկ իմաստէն:
Եւ որովհետեւ մի՛շտ հաւատացինք ազգի ամբողջականութեան եւ հայրենիքի հզօրացման՝ զիրար լրացնող սկզբունքներուն, այժմ երբ անկախ Հայաստանն ու Արցախը թեւակոխեցին անկախութեան 25ամեակները եւ յետ-Ցեղասպանութիւն կազմուած Սփիւռքը ապրեցաւ իր առաջին հարիւրամեակը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռանկիւնը կը գտնուի լրջագոյն անկիւնադարձի եւ պատասխանատուութեան մը առջեւ, ուր իւրաքանչիւրը ունի կարիքը իր հերթին ինքզինք ամրապնդելու եւ միաժամանակ՝ երեքին միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու, իբրեւ հաւաքական ուժի յենարան եւ համազգային իղձերու ենթահող:
Հիմա՛, երբ Հայաստանի մէջ ունինք ինքնուրոյն պետականութիւն եւ կը հրճուինք անոր իւրաքանչիւր յառաջընթացով, մեզի համար խի՛ստ առաջնահերթ է, որ մեր հայրենի ժողովուրդը ունենայ արդար միջավայր, ժողովրդավար իշխանութիւն, առողջ եւ բարգաւաճ տնտեսութիւն, Հայաստանի մէջ արժանավայել կեանք մը վարելու աւելի՛ հաւասարակշռուած տուեալներ ու ձեռքբերումներու արդար տեղադրում, ինչպէս նաեւ օրէնքի հանդէպ յարգա՛նք եւ վստահութիւն: Մնայուն արտագաղթի եւ գործի փնտռտուքի պատճառով ժամանակաւոր գաղթի պարտադրանքէն ձերբազատուելու միջոցները նաեւ պէտք է փնտռել այս նախադրեալներուն մէջ: Հայութիւնը Հայաստանի մէջ պահելը ազգային ռազմավարական խորք է եւ է՛ նպատակ: Ո՛չ մէկ կասկած, որ եթէ իբրեւ ազգ պիտի վերականգնինք, ապա Անկախ Հայաստանի ամրապնդումը կռուա՛նն է մեր ազգի գոյութեան եւ վերապրումին:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ապացուցեց այս իրողութիւնը: Մեր նահատակուած զինուորներն ու ազատամարտիկները նաեւ կու գային Հայաստանի տարածքէն: Մենք այդ դաժան պատերազմին կրցանք հայրենի հողը մեր արեան գնով պաշտպանել եւ ցոյց տալ, թէ արեամբ ձեռք ձգուած հողը չի՛ զիջուիր։
Ատրպէյճանի ցարդ ձախողած սադրանքները կը յամենան ամէն օր: Պատերազմի վերսկսիլ սպառնացող Ալիեւի իշխանութիւնը, ունենալով լուռ թէ աղմկալի մեղսակցութիւններ՝ կը փորձէ վերակենդանացնել հայութեան կողմէ վաղուց եւ վճռակամօրէն մերժուած «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» քլիշէ մօտեցումը: Այսինքն՝ արժեզրկուած «Land for Peace» սադրիչ եւ նենգ վարքագիծը:
Սիրելինե՛ր, հայ ժողովուրդը ռազմատենչութենէ կամ արկածախնդրութենէ չի տառապիր, սակայն նաեւ գիտէ ոգի ի բռին պատերազմիլ՝ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան կամ ձեռքբերման համար: Ուստի, բանակցութիւններու ճամբով հարցին լուծումը պարտի խարսխուած ըլլալ Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան վրայ, ամրագրուած իր 1991ի եւ 2006ի հանրաքուէներուն մէջ: Արցախը այսօր իրողապէ՛ս անկախ հանրապետութիւն է, եւ գտնուելով շրջափակուած ու անկայուն միջավայրի մէջ՝ անոր սահմաններու անխոցելիութիւնը կը մնայ գերագոյն մտահոգութիւն, միաժամանակ՝ անոր լինելութեան հիմնական երաշխիքը:
Արցախի եւ Հայաստանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն բնական էր որ տրամադրէինք Սփիւռքէն մեր նիւթական, մարդկային, քաղաքական, քարոզչական եւ այլ ներուժները, եւ հարկ եղած պարագային՝ տրամադրելի կը մնանք ամբողջութեամբ մեր հայրենիքին, իբրեւ մէկ ազգի ամբողջականութիւն, իբրեւ մէկ ու միասնական հասկացողութեան ապացոյց, իբրեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք իրարմով սնանող մէ՛կ էութիւն:
Ահա՛ թէ ինչու, Սփիւռքը հզօրացնելը ռազմավարական (strategic) նպատակ է մեզի համար: Մեծ մասամբ իր կամքէն անկախ կազմուած հարիւրամեայ այս պատկառելի Սփիւռքը՝ հայկական ինքնութեան եւ անոր լինելութեան պայքարին կապուած պահելը մեր գլխագիր առաջնահերթութիւններէն մէկն է նաեւ: Ձուլումի ամէնօրեայ դաշտը պիտի շարունակենք դեռեւս դիմագրաւել՝ Սփիւռքը աւելի հայօրէն պահելով, զայն քաղաքականացնելով, անոր ներուժը տրամադրելով Հայ Դատի լուծման գործին, իսկ տեղական կարելիութիւններու օգտագործումով Սփիւռքեան հնարաւորութիւնները ծառայեցնելով Հայաստանի հզօրացման եւ մեր դիմագրաւելիք նոր մարտահրաւէրներուն: «Սփիւռքը մնայո՞ւն է, թէ գնայուն» հարցադրումը սո՛սկ ժամանակի կորուստ է: Աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլար այդ վատնուած ջանքը յատկացնել գործի արդիւնաբերութեան եւ Սփիւռքին մօտենալ յարգանքով, իբրեւ Հայութեան կարեւոր մէկ մասը՝ քաղաքական, տնտեսական եւ կազմակերպական իւրայատուկ թուական ու որակական ներուժով:
Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն, ուր ապազգայնացումն ու արագընթաց այլասերումը առկայ են, աշխարհով մէկ Քալիֆորնիա հաստատուած՝ Ցեղասպանութեան յաջորդող երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ, ամէնօրեայ փորձաքարի կը զարնուին մեր այս մօտեցումները:
Անշո՛ւշտ, պարտինք յաւելեալ հայանալ եւ քաղաքականանալ՝ այնքա՛ն ժամանակ որ Հայ Դատի լուծումը տակաւին իր վերջաբանին չէ հասած, առնուազն՝ մինչեւ այն պահը, երբ տակաւին Թուրքիան յափշտակուած կը պահէ Արեւմտահայաստանի մեր բռնագրաւեալ հողերը, եւ այնքան ատեն որ 1.5 միլիոն զոհերու արեան կանչը դեռ կը գտնէ իր արձագանգը մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին, միտքին ու աննկուն կամքին մէջ:
Այս բոլորով մէկ, մեր լայնածաւալ գաղութին մէջ մեզի կը սպառնան լուրջ վտանգներ. ունինք նաեւ որոշ մտահոգութիւններ: Այսօր գլխագիր մտահոգութիւններէն մէկը՝ մեր գաղութի ամբողջական կարողականութիւնը ջլատող հայաստանահայու, լիբանանահայու, պարսկահայու, սուրիահայու եւ այլի բաժանարար հասկացողութիւնն է: Մեր մէջ գտնուող իւրաքանչիւրին տարբերութիւնը յարգելով հանդերձ, պարտինք կեդրոնանալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին «հա՛յ» բաժինին վրայ: Մեկնելով մեր տեղական ու ընդհանրական շահերէն՝ կ՛արժէ կարկինը լայն բանալ, հորիզոնները ընդլայնել եւ ներգրաւող ու հաւաքող ըլլալ: Անշո՛ւշտ կարծրատիպերու պատճառաւ, այս մէկը ըսելը աւելի՛ դիւրին է, քան՝ ընելը, սակայն պարտինք պարկեշտօրէն, բարդոյթները թօթափելով՝ այս փորձերը լրջօրէն կատարել: Արդ, կոչ կ՛ուղղենք ազգային միասնութեան եւ յաւելեա՛լ ազգային շաղախումի: Մենք, ինչպէս պիտի ըլլային մէկ ընտանիքի տարբեր բայց ճակատագրակից անդամները, այս գաղութը պիտի սեպենք մեր բոլորիս աշխքատանքի ասպարէզը, պիտի շեշտենք մեր հասարակ յայտարարները, աւելցնենք քանակը եւ ձգտինք որակի բարելաւման, եւ տակաւի՛ն, գիտնանք մեր փորձադաշտը ընդլայնել, հասնելու համար բոլորին անխտի՛ր, առ ի ծառայութիւն մեր ազգին եւ անոր անկատար իղձերու իրականացման:
Կասկածէ վեր է, որ մեզի եւս կը սպառնայ հալելու, հիւծելու եւ ձուլուելու շեշտուած վտանգը, սկսելով, սակայն կանգ չառնելով մայրենի լեզուի արագընթաց նահանջով: Անշո՛ւշտ, պայմաններու բերումով հայերէն չգիտնալը մեղք չէ, ո՛չ ալ ենթական կը զրկէ հայ զգալու կամ հայօրէն շարժելու հանգամանքէն: Սակայն, համոզուած ենք, որ հայերէն գիտնալն ու գործածելը ազդու պատուաստն է հայը աւելի՛ հեշտօրէն հայ պահելու, հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայ մշակոյթը արժեւորելու… Չենք կրնար հաշտուիլ այն երեւոյթին հետ, որ հայերէն սորվողներն ու գիտցողներն իսկ կրնան դժկամիլ մայրենի լեզուն գործածելէ իրենց առօրեային մէջ… Այս ծիրին մէջ եւ մեր ափերուն վրայ, գործնական մտահոգութիւններէ մեկնած՝ կ՛արժէ արհամարհել եւ թօթափել արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի շինծու մտահագութիւնները, ուղղագրութեան տարբերութիւնները, եւ շեշտը դնել մայրենիի յաւելեալ գործածութեան ու մշակոյթի տարածման վրայ: Բա՛ւ է յորջորջենք, թէ հայերէնը կամ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է: Ժամանա՛կն է գործի:
Հիւծման եւ ձուլման այս վտանգին ի տես, հրամայականին մէկ այլ երեսը երիտասարդութիւնը առաւել ներքաշելն է մեր ազգային կեանքէն ու առօրեայէն ներս: Պարտինք նուազ եսակեդրոն ըլլալով՝ մեր ղեկավարութեամբ (leadership-ով) ապահովել ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ մեր ազգային կեանքէն ներս, անշուշտ՝ մի՛շտ փոխանցելով մեր քով պահ դրուած մեր նախնիներու ԱՒԱՆԴԸ, որ դարեր շարունակ ապահովեց մեր հայեցիութիւնը եւ դարբնեց մեր լուսաւոր ազգային դիմագիծը:
Ահա սիրելինե՛ր, հակիրճ գիծերու մէջ մեր հանգանակը:
Մեր ազգային հոսա՛նքը, զոր կը կոչենք Դաշնակցութեան ուղին: Այն ճանապարհը, ուր բազմահազար ընկերներ, համակիրներ, կազմակերպութիւններ, շարժումներ, ունենալով Ազատ, Անկախ, ու Միացեալ Հայաստանը իբրեւ տեսլական ու նպատակակէտ՝ եկան ու տակաւին կու գան, հպարտօրէն ու կամաւոր կը ծառայեն, ղեկավարութիւն կը ստեղծեն ու մեր ազգին ցաւերը կը վերածեն իրենցը, լուծումներ կ՛որոնեն եւ կը տրամադրեն իրենց լաւագո՛յնը հայ ազգին:
Այս առթիւ վերյիշենք Քրիստափորի 1903ին արտայայտած բառերը. «…Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չի կարող բաժանել մի ժողովուրդը, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռակամութիւն եւ կապուած ու միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների եւ զգացումների առողջ զարկերով»:
Ուրեմն, ապրի՛ն մեր երկու հանրապետութիւնները, Հայաստանն ու Արցախը:
Կեցցե՛ս դուն, Հա՛յ ժողովուրդ: Ապրի՛ քու ակունքէդ 126 տարիներ առաջ ծնունդ առած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Պռավօ Ընկեր Տարօն, շատ շիտակ եւ ազդեցիկ է կարծիքդ: Բայց դժբախտաբար, առանց պայքարի չկայ յաղթանակ: