ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Յովիկ Աբրահամեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ կը հրաժարի իշխող կուսակցութենէն։ «Այո՛, որոշում եմ կայացրել, ՀՀԿից դուրս եմ գալիս, վաղը կը լինի իմ յայտարարութիւնը», յայտնած է նախկին վարչապետը։
Աբրահամեան, որուն 59ամեակը ամբողջացած է 24 Յունուարին, ոչինչ ըսած է այն մասին, թէ ինչո՛ւ նման որոշում տուած է, ինչպէս նաեւ մերժած է պատասխանել այլ հարցումներու, որոնց կարգաին անոր՝ թէ արդեօք «Բարգաւաճ Հայաստան»ին կամ այլ կուսակցութեան պիտի անդամակցի՞:
Բարձրաստիճան հանրապետականներ հաստատած են, որ իրենց համար անակնկալ էր Աբրահամեանի այդ քայլը: Մինչեւ կէսօր կը նշէին, որ որեւէ տեղեկութիւն չունին կուսակցութենէն Աբրահամեանի հեռանալուն մասին։
«Ես նման տեղեկութիւն չունեմ: Նման դիմում չեմ ստացել», «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀԿի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան:
ՀՀԿի գործադիր մարմինի անդամ Ռուբէն Թադեւոսեան, որ նաեւ կուսակցութեան կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահն է, «Ազատութեան» յայտնած է, որ գործադիր մարմինի անդամները նախկին վարչապետին քայլին մասին տեղեակ եղած են լրատուամիջոցներէն: