ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ համայնքային հաստատութիւններու միացեալ հարթակի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու Յունուար 18ին, Անգարայի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Շիրինօղլու այս հանդիպումը նկարագրած է իբրեւ՝ պատրիարքական ընտրութիւններու չկայացման հարցին մէջ իր անձին ուղղուած մեղադրանքները կանխելու համար առնուած քայլ:
Շիրինօղլուի բացատրութիւններուն համաձայն՝ նախագահը այս հարցին անելի մատնուելուն պատասխանատուութիւնը բեռցուցած է հայ համայնքին վրայ: «Ուզեցինք, որ ձեր կամքով կանոնագիր մը պատրաստուի, բայց դուք չէք կրցած համաձայնութիւն մը գոյացնել», ըսած է նախագահը:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ նախապէս թրքական իշխանութիւնները, ըստ 1863ի Հայոց սահմանադրութեան՝ արտօնած են ընտրութիւնը եւ փափաքած, որ հայերը կազմակերպեն զայն:
Շիրինօղլու ըսաւ, որ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ իր հանդիպման ժամանակ եւս, ինք նոյն բաները ըսած է անոր:
Ըստ Շիրինօղլուի՝ Էրտողան խոստացած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն անմիջապէս ետք մօտէն զբաղիլ պատրիարքի ընտրութեան հարցով:
Միւս կողմէ, համայնքային իրաւաբաններ յաճախ կը կրկնեն նոյն պնդումը, թէ ընտրութեան համար բաւարար է միայն կամք պարզել եւ թուական ճշդել: