ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ կրնայ ընել սփիւռքահայը, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացին ինքզինք ուժեղ զգայ եւ ազատ ընտրութիւն կատարելու իր քաղաքացիական իրաւունքը լիարժէք կենսագործէ:
«Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» կարգախօսով ճամբայ ելած սփիւռքահայ արուեստագէտներու խումբ մը ա՛յդ նպատակին կ՛ուզէ ծառայել: Անցեալ Կիրակի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական բաժանմունքին կազմակերպած յատուկ խորհրդաժողովին ընթացքին, հինգ հայ արուեստագէտներ՝ դերասան Արսինէ Խանճեան, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, նկարիչ, դերասան ու բեմադրիչ Վահէ Պէրպէրեան, երաժիշտ-երգիչ Սերժ Թանգեան եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, համալսարանի «Պովարտ» սրահը հաւաքուած բազմութեան ներկայացուցին իրենց շարժումին առանցքային գաղափարները:
Խորհրդաժողովին առաջին բաժինը յատկացուած էր եօթը մասնագէտներու, որոնք ամփոփ կերպով ներկայացուցին տարբեր երկիրներու ժողովրդավարացման գործընթացներու փորձառութիւնները՝ զուգահեռներ կատարելով Հայաստանի իրականութեան հետ: Չիլիի, Գանատայի, ափրիկեան երկիրներու (յատկապէս՝ Կապոնի) եւ Վրաստանի օրինակներուն վրայ կեդրոնանալով՝ քաղաքագէտներ եւ համալսարանական դասախօսներ (Մարք Քուփըր՝ լրագրող եւ դասախօս, Պրեթ Քարթըր՝ դասախօս, Հիշամ Ապտըլ Ռահման՝ ճարտարագէտ, Մարք Մուլըն՝ մարդկային իրաւանց գործիչ) պատմեցին ընտրական ամէնէն խաթարուած համակարգերէն ձերբազատուելու տարբեր ռազմավարութեանց մասին:
Իրաւաբան եւ մարդկային իրաւանց ջատագով Վահան Գրիգորեան (Լոնտոն), դասախօս Աննա Օհանեան (Մեսեչուսեց) եւ Իրինա Ղափլանեան (Երեւան) անդրադարձան Հայաստանի ընտրութիւններու իւրայատկութիւններուն, սկսեալ ընտրական կեղծիքի արհեստագիտութենէն, մինչեւ ընտրական համակարգի փոփոխութեանց լոյսին տակ բարեփոխման հնարաւորութիւնները:
Խօսք առնողները շեշտեցին Հայաստանի ժողովրդավարացման կարեւորութիւնը ո՛չ միայն արդար համակարգի ստեղծման ծիրէն ներս, այլեւ իբրեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող միջոց՝ Հայաստանի անվտանգութեան համար։
Երկրորդ բաժինով խօսք առնող հայ արուեստագէտները անընդունելի համարեցին Սփիւռքը Հայաստանի ժողովրդավարացման գործընթացէն դուրս պահելու մօտեցումները եւ շեշտեցին այդ գործընթացին անմիջականօրէն մասնակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Բանախօսները յստակ դարձուցին, թէ իրենք Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ կողմ բռնելու ոչ մէկ մտադրութիւն ունին, այլ պարզապէս կ՛ուզեն զօրակցիլ քաղաքացիական հասարակութեան ճիգերուն՝ վերահսկելով ընտրական գործընթացին եւ պայքարելով ընտրակեղծարարութեանց դէմ:
Արուեստագէտ գործիչները նաեւ հաստատեցին, թէ իրենց շարժումը չի սահմանափակուիր այս ընտրական հանգրուանով, այլ պիտի ձգտի շարունակական աշխատանքով ներդրում ունենալ Հայաստանը իսկական ժողովրդավար երկիր դարձնելու գործին:
Յայտնի եւ սիրուած արուեստագէտներու այս խումբին միացած են տասնեակ այլ մտաւորականներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, միասնական գործի մէկ այլ հարթակ մը դառնալով հայկական իրականութեան մէջ:
Կը հասկնանք, որ Հայաստանի ժողովրդավարացման գործընթացը աւելի հիմնաւոր կերպով կրնայ զարգանալ՝ գլխաւորաբար հայրենիքէն ներս ծնած եւ ուժեղացած շարժումով, բայց եւ այնպէս, թէ՛ նոյն գործընթացի յաջողութեան եւ թէ Սփիւռք-Հայաստան իսկական համագործակցութեան միջավայր ստեղծելու տեսակէտէն՝ դրակա՛ն ազդակ է յանձնառու արուեստագէտներու այս նախաձեռնութիւնը: Հայաստանի քաղաքացին ինքզինք մինակ պէտք չէ զգայ իր քաղաքացիական իրաւունքներուն տէր դառնալու պայքարին մէջ: Ան պէտք է զգայ ոչ միայն արուեստագէտ այս խումբին, այլեւ համայն սփիւռքահայութեան նեցուկը:
Յամենայնդէպս, հայ արուեստագէտները իրենց աշխատանքային ծրագիրը աւելի՛ մանրամասնելու, առաւե՛լ շօշափելու խնդիրը պէտք է դիմագրաւեն այլեւս, եւ շատ ալ ժամանակ չէ մնացած իրենց խօսքը գործի վերածելու քայլերը ճշդելու համար: