ՔԵՊԵՔ, «Ռոյթըրզ».- Գանատայի Քեպեք քաղաքին մէջ երեք զինեալներ Յունուար 29ին կրակ բացին մզկիթի մը մէջ աղօթողներու վրայ՝ սպաննելով առնուազն վեց հոգի։ Յարձակումը կատարուեցաւ քաղաքի Իսլամական մշակութային կեդրոնին վրայ, որ միաժամանակ կը գործածուի իբրեւ մզկիթ։
Քաղաքին ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ երկու կասկածելիներ ձերբակալուած են արդէն։