ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի անդամ Սելինա Տողան շնորհաւորական նամակ յղած է Կլատիս Պերեճիքլեանին՝ Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ:
Այս մասին «Թերթ»ին յայտնած են Տողանի մամլոյ գրասենեակէն։
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամը իր նամակին մէջ ընդգծած է, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ արուեստով, քաղաքականութեամբ ու հասարակական աշխատանքով զբաղող հայ կիները պէտք է միասնական ըլլան. ան իր աջակցութիւնն ու համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է Պերեճիքլեանին։
«Մենք ներկայացուցիչներն ենք ազգի մը, որ շուրջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ցաւերուն պատճառով ցրուած ենք աշխարհի տարբեր անկիւնները: Կ՛ապրինք պատմական, հասարակական եւ քաղաքական տարբեր կառուցուածքի տէր երկիրներու մէջ: Մենք՝ իբրեւ կանայք եւ որպէս ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներ, աշխատած ենք եւ կ՛աշխատինք յաղթահարել բազմաթիւ արգելքներ: Մենք պարտաւոր ենք ըլլալ ուժեղ եւ ստեղծագործող՝ ինչպէս Զապէլ Եսայեան։ Հպարտ կ՛ըլլամ ձեզ հիւրընկալելով Թուրքիոյ մէջ», գրած է հայ երեսփոխանը: