ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալեքսանդր Արզումանեան որոշած է չմասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, դաշտը զիջելով աւելի երիտասարդներուն:
«Հարցն այն է, թէ կարելի՞ է արդեօք ոչ գաղափարական հենքի վրայ ստեղծուած դաշինքով մասնակցել ընտրութիւններին: Իմ մօտեցումը բացասական է, մեր ընկերների հետ կը խօսենք, որովհետեւ, վերջին հաշուով, պառլամենտում լինելն ինքնանպատակ չէ», յայտնած է ՀՀՇական գործիչը, չբացառելով, որ ՀՀՇի վարչութեան քանի մը անդամներ կրնան ներգրաւուիլ տարբեր դաշինքներու մէջ: