ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական վերջին ընտրութեանց, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որոշած էին զօրակցութիւն չյայտնել ոեւէ թեկնածուի հանդէպ:
Այդ որոշումը, հաւանաբար, հասկնալի չեղաւ շատերու, սակայն Հիլըրի Քլինթընի՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ անցեալի ծանրակշիռ, վնասակար կեցուածքները, իսկ Տանըլտ Թրամփի՝ ընտրապայքարին ընթացքին յայտարարած շարք մը դիրքորոշումներուն հանդէպ վերապահումները դրդած էին մեր «չէզոքութիւնը»:
Նախագահ Թրամփի ընտրութենէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց զայն եւ, անշուշտ, անցեալի աւանդութեանց համաձայն՝ յորդորեց նորընտիր նախագահը, որ աջակցի Հայաստանի զարգացման ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործման:
Մեզի յայտնի է, որ հայկական համայնքին մէջ բազմաթիւ թրամփականներ կան, եւ առնուազն նոյնքա՛ն (հաւանաբար, Քալիֆորնիոյ ազատական իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով՝ նոյնիսկ աւելի՛) կը հաշուեն Թրամփը քննադատողները կամ անոր հակառակորդները:
Մենք նախագահ Թրամփի հանդէպ կեցուածք ճշդելու խնդիր չունինք: Մեր գնահատումները, երբ անոնց կարիքը զգացուի, պիտի կատարուին իր որոշումներուն ու նախաձեռնութիւններուն հանդէպ, այլ՝ ո՛չ իր անձին:
Եթէ, ինչպէս է պարագան իսլամական եօթը երկիրներէ ներգաղթի վրայ դրուած նախագահական արգելքին, որեւէ հրամանագիր կամ որոշում վնասակար նկատենք մարդկային իրաւունքներու կամ մեր ազգային շահերու տեսակէտէն, մենք պիտի չքաշուինք մեր կեցուածքը հրապարակելէն, ինչպէս ՀՅԴ Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէները կատարեցին իրենց յատուկ յայտարարութիւններով:
Չի՛ բացառուիր, որ յառաջիկային, նախագահ Թրամփի մէկ այլ նախաձեռնութիւնը, որ կը մեկնի մեր սկզբունքներէն ու մեր ընդունած արժէքային համակարգէն, ստանայ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը։