ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».-Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան վարչական հաշուառման հիման վրայ ստացուած պետական վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 2016ին Հայաստանի մէջ կեցութեան կարգավիճակ ստացած են 5,949 օտարերկրացիներ:
2016ին կեցութեան կարգավիճակ ստացողներուն մէջ առաջին դիրքը կը գրաւեն Իրանի եւ Հնդկաստանի քաղաքացիները, երկրորդ դիրքը՝ Ռուսիոյ քաղաքացիները:
Ամփոփելով հրապարակուած թիւերը՝ նշենք, որ Հայաստանի մէջ կացութեան կարգավիճակ ԱՊՀ երկրներէն ստացած են 1,423, իսկ ԵՄ երկիրներէն 406 քաղաքացիներ: