ԱՍԹԱՆԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փետրուար 6ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ զինադադարի վերահսկողութեան հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միացեալ գործադիր խումբի առաջին նիստը:
«Պատուիրակութիւնները հաստատեցին գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ ի շահ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման անվերապահ կատարումին», յայտարարուած է այս առթիւ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Սուրիոյ մէջ զինադադարը երաշխաւորող երկիրները՝ Իրան, Թուրքիա եւ Ռուսիա, վերահսկումի եռակողմանի համակարգի մը ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերած էին Յունուար 23-24ին, դարձեալ Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին:
Փետրուար 6ի ժողովին մասնակցած ՄԱԿի ներկայացուցիչը նիստը «յաջող» նկատած է՝ նշելով, որ երաշխաւոր երկիրներու ներկայացուցիչները զինադադարի հսկողութեան համակարգին 90 առ հարիւրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, իսկ տարակարծութիւնը գլխաւորաբար այդ համաձայնութեան բանաձեւման շուրջ է:
Ժողովին ներկայ եղած է նաեւ Յորդանանի ներկայացուցիչը: