ԽՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեքշաբթի, Փետրուար 7ին, ատրպէյճանական ուժերը 85մմ.նոց Դ-44 տեսակի հրանօթներէ ուղիղ նշանառութեամբ արկակոծութեան ենթարկած են Արցախի պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մարտական դիրքերը:
Ինչպէս կը յայտնէ ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը, բացի հրանօթներէ, ատրպեճանական ուժերը Թալիշի ուղղութեամբ կիրառած են տարբեր տրամաչափի ականանետեր: Հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով ՊԲն կորուստներ չունի:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած սադրիչ գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կ՛իյնայ Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ:
«Նման սադրանքերի շարունակականութեան դէպքում ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակն, Արցախի պետական սահմանների անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով, իրեն իրաւունք է վերապահում դիմելու ոչ համարժէք քայլերի», գրուած է ՊԲի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: