ԵՐԵՒԱՆ.- Շուէտի Թագաւորութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Քեննեթ Ֆորշլունտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի, 7 Փետրուարին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծանօթացան Ցեղասպանութիւնը փաստող վաւերագրութիւններուն եւ լուսանկարներուն:
Շուէտցի խորհրդարանականները Երեւնաի մէջ հանդիպեցան Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի անդամներուն հետ: Անոնք նաեւ հանդիպեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ: