ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- WWF-Հայաստանի եւ Զանգեզուր կենսոլորտային համալիրին կողմէ իրականացուող դիտարկումի իբրեւ արդիւնք՝ լուսանկարաչական սարքը նկարած է Կովկասեան ընձառիւծ մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ WWF-ի կողմէ նախապէս նկարուած Եւա անունով ընձառիւծի ձագերէն մէկն է:
«Մեր երկրում սա առաջին դէպքն է, երբ ձագ է գրանցւում, որն ապացոյց է այն աշխատանքի, որն իրականացւում է Հայաստանի հարաւում ՀՀ բնապահապանութեան նախարարութեան, պահպանուող տարածքների անձնակազմի եւ միջազգային կառոյցների ջանքերով», ըսուած է այս առթիւ բնապահպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
2002 թուականէն ի վեր Բնութեան համաշխարհային հիմնարկի (WWF-Հայաստան) կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացնուող Կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան ծրագիրի շնորհիւ կենդանին ոչ միայն վերադարձած է Հայաստան, այլ նաեւ արձանագրուած է ընձառիւծի թուաքանակի աճի դրական միտում:
Կովկասեան ընձառիւծը արձանագրուած է Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան եւ Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ: