ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երեքշաբթի, 15 Փետրուարին, Երեւան ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իրաւապահ ուժերու թմրանիւթերու դէմ պայքարի ոստիկանութեան պետի տեղակալ, զօրավար Մորթեզա Միրզայիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան հետ հանդիպած է Հայաստանի ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան պետ զօրավար Ռաֆայէլ Զաքարեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են թմրամիջոցներու անօրինական շրջանառութեան հակազդման ոլորտէն ներս գործընկերութեան եւ փոխօգնութեան խնդիրները: