ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Օդանաւային տոմսերու որոնողական Skyscanner համակարգին տուեալներուն համաձայն՝ Երեւանը փետրուարեան տօներուն ռուսերուն համար ճամբորդութեան նախընտրելի քաղաքներու առաջին տասնեակին մէջ է:
Երեւանը ցուցակին վրայ ամէնէն արագ աճող ուղղութիւնն է: Փետրուար 23ին համար ապահովուած օդանաւային տոմսերու քանակը աւելացած է 105 տոկոսով: