ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Գըրգ Գըրգորեանի «Survival Pictures» ընկերութեան արտադրած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» («The Promise») ֆիլմը Կիրակի, Փետրուար 26ին ցուցադրուած է աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճանի բարեսիրական հիմնարկին (EJAF) կողմէ՝ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան առիթով ամէն տարի կազմակերպուող դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին։
Ճան յայտարարած է, թէ հպարտութեամբ ընդունած է ֆիլմը ցուցադրելու առաջարկը, իսկ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ֆիլմը ներկայացնելու ընթացքին, Էլթըն Ճան ըսած է. «Ոչի՛նչ մոռցուած է, ասիկա այն է, ինչ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին»:
Նշենք, որ այդ երեկոյին հանգանակուած է 7 միլիոն տոլար, որուն մէկ մասը նուիրած է «Survival Pictures»ը։
Շարժապատկերի արտադրիչներէն՝ տոքթ. Էրիք Էսրայէլեան տեղեկացուցած էր, թէ որոշուած է ֆիլմին ապահոված եկամուտը նուիրել բարեսիրական նպատակներու։