ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իզվեսթիա».- Հայաստանի նախագահը Մարտ 14ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Մոսկուա պիտի մեկնի:
Ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը այս այցելութեան անդրադարձած է «Հայաստանի Նախագահը Մոսկուա Կու Գայ Տնտեսական Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համար» վերնագրուած յօդուածով: Այցի մասին տեղեկութիւնը հաստատած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսկով:
«Իզվեսթիա»ի տուեալներով՝ Սարգսեան Փութինի հետ պիտի քննարկէ երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող հարցեր:
«Այս այցերուն տրամաբանական արդիւնքով՝ նախագահներուն հանդիպման ժամանակ կը կատարուի ակնկալուող շարք մը ռազմա-քաղաքական եւ տնտեսական համաձայնագիրներու ստորագրումը», գրած է ռուսական թերթը: