ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ նոյն օրը՝ առաւօտեան, իր գրասենեակի աշխատակիցներն այցելած են Դատապարտեալներու հիւանդանոց, ուր պահուող Արթուր Սարգսեան դարձեալ մերժած է քաղաքացիական հիւանդանոց տեղափոխուելու առաջարկը:
«Առողջութեան պահպանման հարցը հիմա ինձ համար եւ մեր աշխատակազմի համար առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ է», յայտարարած է Արման Թաթոյեան:
Պաշտպանը հաւաստիացուցած է, որ ինք եւ իր գրասենեակի ներկայացուցիչները, երբ կ՛այցելեն Արթուրին, անոր կը բացատրեն հացադուլը շարունակելու հետեւանքները: Մարդկային իրաւանց գրասենեակի համար առաջնահերթ խնդիրը Արթուրի առողջական վիճակին արդիւնաւէտ վերահսկողութեան իրականացումն է եւ պահման պայմաններու բարելաւումը: