ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դեռ երէ՜կ էր, քանի մը ամիս առաջ, երբ բոլորիս սիրելի ընկեր Յովսէփ Էսկիճեան իր շուրջ կը համախմբէր զինք սիրողներն ու յարգողները: Իսկ առիթնե՞րը՝ անոր հրատարակած երկու գիրքերն էին, որոնք լոյս տեսան իր ողջուց, յաջորդաբար, եւ արժանացան շատ-շատերու գնահատանքին ու քաջալերանքին:
Եւ այդ հոգեպարար զոյգ ձեռնարկներուն ընթացքին մենք ծանօթացանք մեր ընկերոջ միտքի լոյսին արգասիք բազում էջերուն, ուր կը տողանցեն էսկիճեանական իւրայատուկ գրելաոճի, լեզուամտածողութեան, արուեստի շունչի եւ գաղափարական աշխարհի բազում արժանիքներ եւ գեղեցկութիւններ:
Այո՛, լոյսին եկած զոյգ հատորներուն մէջ, հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը տեսաւ մեր ընկերոջ ապրած մանկութեան դառն ու ժպտուն օրերը, զգաց անոր երիտասարդ տարիքի սիրտին տրոփները, պսպղուն սէրերը, հասկցաւ չափահաս տարիքի անոր ցուցաբերած գիտութեան ծարաւը, ըմբռնեց համալսարան յաճախելու բուռն փափաքն ու Վարչագիտական տնտեսագիտութեան տիտղոսին տիրութիւն ընելու անոր կամքը, աւելի՛ն. խորապէս գնահատեց լեզուներ իւրացնելու մեր ընկերոջ եզակի կարողութիւնն ու երդուեալ թարգմանիչի հանգամանքին հաւատարիմ մնալու կոչումը:
Կոչում, որուն փարեցաւ իր ողջ էութեամբ եւ ծառայեց հարազատօրէն ամբողջ հինգ տասնամեակ շարունակ:
Եւ այս բոլորի կողքին, ստեղծեց իր ընտանեկան բոյնը եւ իր ազնուասիրտ կողակիցին հետ հայութեան պարգեւեց երկու մանչ զաւակ:
Ահաւասի՛կ մեր ընկերոջ՝ Յովսէփ Էսկիճեանի, համառօտակի կենսագրականը:
Սիրելի սգակիրներ, հարց պիտի տաք, հաւանաբար, ա՞յս է միայն մեր ընկերոջ կենդանագիրը, որուն աւելի քան 60 ամեայ ազգային գործունէութեան, մտաւորական վաստակին, կուսակցական աշխատանքին եւ ասպարէզի հմտութեան քաջածանօթ է լիբանանահայ գաղութը:
Ո՛չ, երիցս ոչ, այս տողերով կարելի չէ սահմանափակել մեր առաքինի ընկերոջ մարդկային կեանքի ու ազգային գործունէութեան ամբողջ տեսադաշտը:
Արդարեւ, Յովսէփ Էսկիճեանի նամԲնաւանդ գաղափարական դիմագիծն ու պատկանելիութեան զգացողութիւնը, այնքան մը խոր են եւ տարածուն, այնքան մը հարազատ են ու բոցկլտուն, որոնմով բազմաթիւ սպիտակ էջեր կարելի է զարդարել արժանահաւատօրէն:
Փաստօրէն, ինչպէ՛ս կարելի է չյիշել Յովեսէփ Էսկիճեանի սրամտութեամբ յագեցած մարդու տեսակը, հոգատար հայրը, գթառատ ու գօտեպնդող բարեկամը, հայասիրտ հայը, բայց առանձնապէս արարատասէր դաշնակցական ընկերը:
Ինչպէ՛ս կրնանք մոռացութեան տալ մեր ընկերոջ յուզաթաթախ հոգեվիճակին մէն մի դրուագը, երբ ան մտերմիկ կամ ընկերական մթնոլորտի մէջ յաճախ բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնէր հայոց պատմութենէն այս կամ այն դիպաշարը, տիպար յեղափոխականի մը անշահախնդիր կեցուածքը, ֆետայական շարժման ռահվիրայ գործիչներու եւ ղեկավար դէմքերու անմնացորդ նուիրումը, Հայաստան կերտած Արամ Մանուկեանի մեծութիւնը, արծուասիրտ Դրոյի, Անդրանիկի, Չաւուշի, Ռուբէնի եւ բազում հերոսներու հայրենապաշտութեան կրակը:
Այո՛, Յովսէփ Էսկիճեան յանձնառու մտաւորականը ճանչցող իւրաքանչիւր հայորդի, ընկեր ու բարեկամ, մոռացութեան չի կրնար տալ մեր ընկերոջ հայատրոփ սիրտին արձագանգները, գրիչին ցոլքերը, մտածումներուն փայլքը, երբ ան խանդավառ ու ոգեւորուած արցախեան հերոսամարտի փառքը կը հիւսէր, վերանկախացած հայրենիքին ու պետականութեան խորհուրդը կ՛արժեւորէր:
Մեր ընկերը ունեցաւ հրապարագրական բեղուն աշխատանք. անոր գրիչը շատ անգամ հատու էր, թափանցիկ եւ յախուռն: Ան չտատամսեցաւ իր հրաբորբ եւ ազդու մտածումներն ու զգացումները յայտնելու, բարձրագոռ ըսելու ամէն ինչ, որ կը մտահոգէր զինք ու կը տառապեցնէր իր ներաշխարհ:
Ան առանց վարանումի պախարակեց ազգադաւ եւ ապազգային ամէն գործընթաց, որ կը վնասէր հայութեան վերականգնումի երթին: Միւս կողմէ, ջատագովեց եւ խրախուսեց այն բոլոր ժողովրդանուէր աշխատանքները, որոնք կը միտին պահել ու պահպանել հայութիւնն ու հայրենիքը:
Աւելի՛ն. ընկեր Յովսէփի սուր հայեացքէն չէին վրիպեր թուրքին ու թրքութեան անցեալի ու ներկայի կատարած բարբարոսութիւնները, կեղծ ու ստապատիր այս կամ այն քաղաքական մօտեցումները եւ ամէն պատեհ առիթի ան մեզի ու ամբողջ հայ հասարակութեան զգաստութեան կը հրաւիրէր չխաբուելու մեր դարաւոր թշնամիէն եւ միամտաբար զոհ չերթալու թուրքին սարքած որոգայթներուն:
Սիրելի գրչեղբայր,
Մահուանդ գոյժը լսելով, պահիկ մը մեր աչքերը խոնաւցան, մեր հոգիները տխրեցան եւ սակայն գոհունակութիւն մը ուրուագծուեցաւ մեր միտքի պաստառին վրայ:
Որովհետեւ անցնող ամիսներուն, եւ հակառակ ֆիզիքական դժուարութիւններուդ ապրեցար կեանքի ուրախ պահերդ եւ իրականացուցիր կապոյտ երազներէդ փունջ մը: Եւ քեզ սիրող ընկերներ ու բարեկամներ առանց վայրկեան մը իսկ վարանումի համախմբուեցան շուրջդ եւ ցոյց տուին իրենց համակրանքն ու երախտագիտական զգացումները:
Լաւ կը յիշենք, թէ ինչպիսի՛ խանդավառութեամբ եւ անհուն սիրով մասնակից դարձար այդ հոգեպարար պահերուն:
Սիրելի ընկեր,
Ճակատագիրի մէկ տարօրինակ հեգնանք մըն է նաեւ այն, երբ զոյգ հատորներդ ներկայացնելու պատիւը ունենալու առընթեր, այսօր, հոս, կանգնած եմ, սիրելի ընկերներուդ եւ հարազատներուդ կողքին վերջին անգամ զրուցելու հետդ:
Այո՛, վերջին անգամ, որովհետեւ նման առիթներ պիտի չունենանք այլեւս: Եւ մենք դեռ երկար պիտի սգանք կորուստդ, մտածենք քու մասին, վերյիշենք քեզի հետ անցուցած իւրաքանչիւր օրն ու վայրկեանը, ապրինք յուզումով լեցուն խօսքերդ, հատու եւ սրամտութեամբ յագեցած միտքերդ:
Աւելի՛ն. պիտի չմոռնանք կեանքով եւ խանդավառութեամբ լեցուն բարի ժպիտդ, ընկերական ոգիդ, առաքինի կերպարդ եւ գաղափարական աշխարհդ:
Գաղափարական աշխարհ մը, որուն հաւատարիմ մնացիր մինչեւ վերջ, անշահախնդիր ծառայեցիր պաշտած կուսակցութեանդ, եղար կարգապահ, լրջախոհ, ծայրայեղ ընկերական, ազնուադրոշմ՝ մտածումներուդ եւ զգացումներուդ մէջ:
Իսկ ամէնէն էականը, մեզ յորդորեցիր ըլլալ մանրուքներէ վեր, տեսնել շինիչն ու օգտակարը, սերտել դաշնակցական գիր-գրականութիւնը, ըմբռնել գերագոյն շահ հասկացողութիւնը, չմխրճուիլ անիմաստ բարբաջանքներու մէջ, չյանձնուիլ անցողակի երեւոյթներու, ծառայել անմնացորդ եւ կառչիլ դաշնակցականի երդումին:
Խօսքերուդ մէջ գերիշխող էին հաւատարմութեան ցոլքերը, հաւատարմութիւն այն բոլոր արժէքներուն, որոնց հանդէպ ցուցաբերեցիր բծախնդիր մօտեցում եւ սէր:
Սիրելի Յովսէփ, սրտառուչ է բաժանումի պահը, նեղացնող եւ հոգի ճմլող: Սակայն թոյլ տուր մեզի վերյիշել քու իսկ խօսքերը, զորս նուիրած էիր ազնուարիւն Ատրինէ մամայիդ եւ հօրդ, եւ ուր գրած էիր. «Հայրս ու մայրս, անջնջելիօրէն բարի անուն թողեցին վերապրողներուս մօտ», այսօր, մենք ալ մեր կարգին, յոգնատանջ եւ լուռ մարմինիդ դիմաց բարձրաձայն կ՛ըսենք. «Սիրելի ընկեր Յովսէփ Էսկիճեան, դուն ալ իբրեւ ազնուասիրտ ու բարեպաշտ, գրող ու յանձնառու մտաւորական, առաքինի դաշնակցական, ինչպէս ծնողքդ՝ դուն նոյնպէս թողեցիր բարի անուն եւ դարձար յաւերժի ճամբորդ հայը»:
Վարձքդ կատա՛ր, խունկ ու մոմ յիշատակիդ եւ բարի ճանապարհ:
Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017
Երդուեալ Թարգմանիչ Եւ Մտաւորական Յովսէփ Էսկիճեան
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանի առաջին հայ երդուեալ թարգմանիչ, մտաւորական եւ «Ազդակ»ի երէց աշխատակիցներէն Յովսէփ Էսկիճեան:
Ծնած է Դամասկոս, 1 Նոյեմբեր 1935ին: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային Թարգմանչաց վարժարանին եւ Միացեալ վարժարանին մէջ: Պէյրութի Հայ ճեմարանը աւարտած է Յունիս 1956ին:
Համալսարանական ուսումնառութիւնը ամբողջացուցած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի ֆրեշմեն, Հալէպի «Ալեփփօ քոլեճ»ի սոֆոմոր, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ճունիըր եւ սինիըր լսարաններուն մէջ՝ մասնագիտանալով վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան ճիւղերուն մէջ՝ 1957-1960:
1960-1970 պաշտօնավարած է ՊԷյրութի «Մոմճեան եղբ.» նորոյթներու վաճառատան մէջ՝ իբրեւ հաշուապահ եւ վարչական տնօրէն: Մարտ 1969ին նշանակուած է պետական երդուեալ թարգմանիչ (5 լեզուներու)՝ Լիբանանի Արդարադատութեան գերագոյն ատեանին կողմէ:
Եղած է ՀՅԴի անդամ եւ ստանձնած է կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անդամ:
Գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ ազգային զանազան նիւթերով յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են «Ազդակ»ի եւ «Բագին» գրական եւ գեղարուեստական հանդէսին մէջ:
Իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած են երկու հատորներ՝ «Յաւերժի ճամբորդ հայը» եւ «Անվերջակէտ Առճակատում Ցեղասպան Թուրքին Հետ»:
Ամուսնացած է 1970ին: Ունի 2 զաւակ: