ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ Նիւրնպերկ քաղաքին մէջ, 22րդ անգամն ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Թուրքիա-Գերմանիա» ժապաւէնի փառատօնը, որուն ընթացքին համաշխարհային չափանիշով նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլերին շնորհուեցաւ «Պատուոյ մրցանակ»ը։ Արա Կիւլեր իր մրցանակը ստացաւ Նիւրնպերկի մայր քաղաքապետ տոքթ. Իւլրիխ Մալիի կողմէ։
Մրցանակաբաշխութեան հանդէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նիւրնպերկ քաղաքի աւագ հիւպատոսը՝ Եաւուզ Քիւլ։
Հանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արա Կիւլերի կողմէ առնուած լուսանկարներով տեսերիզ մը։ Ցոյց տրուեցաւ նաեւ Արա Կիւլերի կենսագրութիւնը, որ կը կրէ «Իսթանպուլի Աչքը» խորագիրը։
Մրցանակաբաշխութեան հանդէսին ընթացքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ գերման շարժապատկերի բեմադրիչ Եուրկեն Եուրկես։