ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2016ի ԴեկտեմբAեր 10էն ի վեր երկու շաբաթը անգամ մը Պրիւքսէլ-Երեւան երթուղիով ոչ կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնող «Պրասըլզ Էյրլայնզ» ընկերութիւնը Ապրիլ 1էն սկսեալ կանոնաւոր թռիչքներ պիտի իրականացնէ:
2017ի Ապրիլ 1էն Յունիս 24 եւ Սեպտեմբեր 9էն Հոկտեմբեր 28 «Պրասըլզ Էյրլայնզ» «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ շաբաթը մէկ անգամ՝ Կիրակի օրերը:
2017ի Յուլիս 1էն Սեպտեմբեր 2 «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքները պիտի իրականացուին շաբաթը 2 անգամ՝ Չորեքշաբթի եւ Կիրակի օրերը: