ԼԱՎԱԼ.- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, Շաբաթ 4 Մարտի առաւօտեան, Լավալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանային մակարդակի խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին Կիլիկեան թեմի Գանատայի Ազգային վարչութիւնը՝ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինը:
Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան ներկայացուց խորհրդակցութեան ուրուածիրը՝ յառաջիկայ տարիներուն Գանատայի հայ համայնքին առջեւ ծառացող զանազան մարտահրաւէրները, ըլլան անոնք ներ-գաղութային, ներ-գանատական թէ համահայկական բնոյթի:
Մասնակից կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը հերթով ներկայացուց իր գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին հակիրճ զեկոյց մը: Խորհրդակցութիւնը նաեւ քննարկեց 2015ի Սեպտեմբերին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հրաւիրուած Գաղութային ներուժի ամրապնդման նուիրուած խորհրդաժողովի արդիւնքներն ու անկէ բխած առաջարկներու ամփոփումը:
Քննարկուեցան յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք աշխատանքները, կազմակերպութիւններուն միջեւ աշխատանքներու եւ ծրագիրներու համադրումը բարելաւելու զանազան միջոցներ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Գանատայի 150ամեակի ձեռնարկներուն հայ համայնքի ներկայացուցչականութեան ապահովման, եւ մանաւանդ 2018ին Հայ պետականութեան վերականգնման եւ ՀՄԸՄի հիմնադրման զոյգ 100ամեակները առաւելագոյն շուքով նշելու անհրաժեշտութիւնը:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած խորհրդակցութիւնը աւարտեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով: