
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 8էն 18ի միջեւ Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան, Մարտ 10ին, Ռոտ Այլընտի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսիլինի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Շելտըն Ուայթհաուսի ու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճիմ Լենկվինի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ նոյն նահանգի պետական քարտուղար Նելլի Կորպէայի հետ:
Առաջին հանդիպումը կայացած է Կորպէայի հետ, անոր գրասենեակին մէջ։ Անոր ընկերացած են Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անի Յարոյեանը եւ անդամ Սթիւ Էլմասեան։ Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր Կորպէային ներկայացնել անցեալ տարուան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի ժողովուրդին եւ զինուորներուն դէմ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կատարած վայրագութիւնները։
Իր կարգին, Կորպէա հաղորդած է, թէ մօտէն ծանօթ է հայութիւնը յուզող հարցերուն, եւ թէ իրենք յաճախ կը մասնակցին հայ համայնքին կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկներուն։ Միաժամանակ, ան խոստացած է իր կարելին ընել՝ Արցախի հարցին մասին ճշմարտութիւնները տարածելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել Ատրպէյճանի ապատեղեկատուական արշաւին։

Նկատի ունենալով, որ ծերակուտական Ուայթհաուս եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Լենկվին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ զբաղած էին նոր կառավարութեան կողմէ նշանակուած պետական պաշտօնատարներու թեկնածութիւնը վաւերացնելու նպատակով կայացող նիստերով, Մելիքեան հանդիպումներ ունեցած է անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց եւս ներկայացնելով Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն մասին իր պատրաստած տեղեկագիրը, միաժամանակ շեշտելով, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած չըլլալու իրողութիւնը վնաս կը հասնցէ Արցախին։
Մելիքեանի քաղաքական վերջին հանդիպումը քոնկրեսական Սիսիլինի հետ էր. անոր հետ եւս քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու ոլորտին առնչուող Արցախի մտահոգութիւնները, իսկ Սիսիլին խոստացաւ Արցախի վերաբերեալ քոնկրեսական քննարկումներ կատարելու հարցով նամակներ յղել արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսին։ Ապա, Սիսիլին Մելիքեանը ներկայացուց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կայացած համայնքային հանդիման ընթացքին, ուր Մելիքեան խօսեցաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին եւ յայտնեց, որ ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին Արցախի բնակչութենէն նուազ քաղաքացիներ ունեցող 17 երկիրներ, որոնք ՄԱԿի անդամներ են, յստակացնելու համար այն, որ Արցախի անկախութիւնը պահանջելը արտառոց երեւոյթ մը չէ։ Ան շեշտեց, թէ պէտք է լուսարձակի տակ պահել Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն ոտնակոխումները եւ պէտք է պահանջել, որ ԵԱՀԿը յստակօրէն դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները։