«Անմահները» կոթողական գիրք-հաւաքածոյի հեղինակ, ազգային բարերար Ալիս Նաւասարգեան, որուն վերջին առատաձեռնութեան հասցէն Հայաստանի Ամրեիկեան համասլարանն էր (հարիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն), բազմաթիւ տարիներու տարածութեան մէջ իր հաւաքած 200 տիկնիկները նուիրեց Երեւանի մէջ նոր բացուած տիկնիկային պատկերասրահին:
Երեքշաբթի, 21 Մարտին, Երեւնաի մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ բացումը կատարուեցաւ «Տիկնիկների պատկերասրահ»ին, որուն հաւաքածոն առայժմ կազմուած է երեք հարիւր տիկնիկներէ, որոնց երկու երրորդը տիկին Ալիսի հաւաքածոյէն է:
Պատկերասրահի գաղափարը իրականութիւն դարձուցած մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան համոզուած է, որ անիկա Երեւանին գոյն ու տրամադրութիւն հաղորդող ամենասիրուած անկիւններէն մէկը պիտի դառնայ:
Արուեստի գործեր են ներկայացուած տիկնիկները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ կերպար մը, պատմութիւն մը:
Շէնքը, որուն մէկ յարկաբաժինին մէջ տեղաւորուած է Տիկնիկներու պատկերասրահը, կառուցուած է 1914ին: Առաջին սեփականատէրը Տէր Աւետիքեաններու ազնուական տոհմը եղած է: 1921ին քանի մը ամիս այնտեղ ապրած է Յովհաննէս Թումանեան:
Պատկերասրահի սրահներէն մէկը յատկացուած է միայն հայկական ծիսական եւ աւանդական տիկնիկներուն: Երկրորդ սրահի «բնակիչները» բազմաոճ են: Առաջին այցելուները հնարաւորութիւն ունեցած են դիտելու 16 հայ տիկնիկագործի եզակի ու չկրկնուող ձեռքի աշխատանքները:
Պատկերասրահին մէջ ցուցադրուած կերպարներու շարքին են յայտնի հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ, ինչպէս Մհեր Մկրտչեան, Գալիա Նովենց, Վլատիմիր Փութին, Շարլ Ազնաւուր եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը:
Պատկերասրահի գեղարուեստական ղեկավարն է Մարինա Խաչմանուկեան: