ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան եւ «Տարօն-Աւիա» օդանաւային ընկերութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ 2017ի Ապրիլէն սկսեալ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր թռիչքներ պիտի սկսի կատարելու հայկական «Տարօն-Աւիա» ընկերութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի զարգացման նպատակով, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկած է շարք մը քայլեր, ինչպէս օրինակ, 2014 Դեկտեմբեր 31էն ի վեր մեկնող ուղեւորներէն ելքի 10,000 դրամ տուրքը չի գանձուիր:
Նշենք նաեւ, որ արժանթինցի գործարար Էռնէկեանին պատկանող «Արմէնիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը 2017ին շուրջ 3 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ «Շիրակ» օդակայանի շէնքային պայմաններու եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ու արդիականացման նպատակով: