ՊՈԼԻՍ,.- Պոլսոյ պատրիարքութեան փոխտեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան Չորեքշաբթի, 22 Մարտին բաց նամակ մը յղած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին: Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը կը հաղորդէ, որ Սահակ սրբազան ելեկտրոնային նամակ մը յղած է Մայր Աթոռ՝ խնդրելով Ամենայն Հայոց կաթղիկոսին միջամտութիւնը Պոլսոյ մէջ ստեղծուած տագնապը լուծելու համար:
Սահակ սրբազան, որ օրեր առաջ Պատրիարքութեան տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պէքճեանի խնդրանքով ստանձնած էր փոխտեղապահի պաշտօնը, Մայր Աթոռ ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ. «Դժբախտաբար Արամ արք. Աթէշեանի յամառութիւնը չթողելու իր փոխանորդի կարգավիճակը, հակառակ մեր եկեղեցւոյ օրինաց եւ ձերդ սրբութեան ներկայութեան կատարուած համաձայնութեան, շփոթանք եւ խառնակութիւն ստեղծեց եկեղեցական եւ համայնաքային կեանքէն ներս»:
Սահակ սրբազան, որպէս եզրակացութիւն իր նամակին Ամենայն Հայոց վեհափառէն խնդրած է անյապաղ միջամտել՝ «մեր փոթորկալից աթոռին եւ պոլսահայ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար»:
Նշենք, որ Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պէքճեան ներկայիս կը գտնուի Քէօլն եւ, ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ ան կը պատրաստուի մօտիկ ապագային Պոլիս վերադառնալու: