ԼՈՆՏՈՆ.- 2014ին Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը յաջողութեամբ բոլորած էր արեւմտահայերէնի ամառնային խտացեալ դասընթացքի իր առաջին տարին: Անցեալ տարի, ծրագիրը այս դասընթացքին երրորդ տարին բոլորեց՝ հիմնուելով այս փորձառութեան վրայ: Ամառնային դասընթացքին շարունակութիւնը մաս կը կազմէ ծրագիրի նպատակներուն՝ արեւմտահայերէնով ուսում ջամբելու եւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելու:
Դասընթացքը առաջարկուած էր երեք մակարդակներով՝ տարրական, միջին եւ յառաջացած: Տարրական դասընթացքին մասնակցեցան Նիւ Եորքէն եւ Լոնտոնէն երկու հայեր, իսկ ութ ուսանողներ՝ Լոս Անճելըսէն, Նիւ Եորքէն, Պոսթընէն, Փարիզէն (երկու), Լոնտոնէն (երկու) եւ Փրակէն, միջին մակարդակի դասընթացքին հետեւեցան: Բացի մէկէն, որ ոչ-հայ բրիտանացի մըն էր, միւսները սփիւռքահայեր էին: Դժբախտաբար, յառաջացած մակարդակի դասընթացքը մասնակիցներ չունեցաւ:
Տարրական դասընթացքը տեղի ունեցաւ Յուլիսին, օրական մօտաւորապէս հինգ ժամ տեւողութեամբ: Ուսանողներուն դասաւանդուեցան արեւմտահայերէնի հիմքերը: Անոնք սկսան հայերէն այբուբենը սորվելով ու այնուհետեւ անցան քերականութեան: Երկրորդ շաբաթէն սկսեալ, ուսանողները օրագիր պահեցին իրենց առօրեայ յառաջընթացին մասին:
Միջին մակարդակի դասերը, որոնք նախատեսուած էին իբրեւ տարրական դասընթացքի բնական շարունակութիւն, տեղի ունեցան Օգոստոսին՝ ժամական միեւնոյն սկզբունքով: Ուսանողները ծանօթացան արեւմտահայերէնի զանազան բայական ժամանակներու եւ մանրամասնութիւններու: Անոնք օրագիր պահեցին առաջին իսկ օրէն եւ կատարեցին տնային դասեր, որոնք ուսուցիչին կողմէ յաջորդ օրը կը ստուգուէին: Ուսանողները ուղղակի շփուեցան արեւմտահայերէնին հետ՝ մշակութային արտադրութեանց միջոցով (երգեր ու շարժապատկերներ):
Դասընթացքի վերջաւորութեան, բոլոր ուսանողները արեւմտահայերէնով բաւական բարձր մակարդակի զեկուցումներ ներկայացուցին։
Դադարներու ընթացքին, ուսանողները խօսեցան անձնական, մշակութային ու քաղաքական այլազան նիւթերու մասին, որոնք կապուած էին իրենց փորձառութիւններուն եւ ակադեմական աշխատանքին: Այս զրոյցները շարունակուեցան երկու ընթրիքներու ժամանակ, դասընթացքի սկիզբը եւ վերջաւորութեան:
Միջին մակարդակի ուսանողները առիթներ ունեցան իրենց լեզուական ու մշակութային ընտելացումը բարելաւելու: Օգոստոսի առաջին Կիրակի օրը, Արեւմտահայախօսներու ընկերակցութիւնը ունեցաւ հանդիպում մը՝ տարրական եւ միջին մակարդակներու ուսանողներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, ուր անոնք առիթը ունեցան իրենց արեւմտահայերէնի գիտելիքները արդիւնաւէտ կերպով փորձարկելու բնիկ խօսողներու հետ: Երեք յատուկ դասախօսութիւններ ալ կազմակերպուեցան միջին մակարդակի ուսանողներուն համար, անուանի պատմաբան Արա Սարաֆեանի (երկու) եւ արուեստի պատմութեան դոկտորայի ուսանող Վազգէն Դաւիթեանի կողմէ։
Անցեալ տարուան ամառնային դասընթացքներուն բոլոր մասնակիցները մեծ գոհունակութիւն ստացան ծրագիրէն, շնորհիւ իրենց հետեւողական շփումին՝ հայ լեզուին ու մշակոյթին հետ: Դասերու ընկերական մթնոլորտը եւ ուսուցման արհեստավարժ մակարդակը ներդաշնակ միջավայր մը մատուցեց արեւմտահայերէն սորվելու համար:
Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կը յուսայ նոյնքան յաջողութեամբ շարունակել աշխատանքը յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին:
2017 ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները կրնան այցելել https://progarmstud.org.uk/courses/western-armenian/summer-intensive-courses կայքը։ Դիմելու ժամկէտը Մայիս 5ն է։
(Լեւոն Ասլանովի անգլերէն բնագիրը թարգմանած է Վարդան Մաթէոսեան)