ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 29ի առաւօտուն, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Արեւագալի արարողութեան։ Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթակից էին Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Վաչէ վրդ. Պալըքճեան ու Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։
Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհիին՝ դոկտ. Ալինէ Դուրեանին, եւ դաստիարակներու։
Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական կատարումով։ Իր պատգամէն առաջ, առաջնորդը մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, եւ յորդորեց զանոնք Մեծ Պահոց այս շրջանին թափանցել իրենց ներաշխարհին մէջ, աճելու համար Աստուծոյ սիրով, խաղաղութեամբ ու շնորհքով։ Իր պատգամին մէջ, ան վեր առնելով Մեծ Պահքի խորհուրդը՝ ընդգծեց, որ ներկայիս կը գտնուինք պահեցողութեան շրջանին մէջ, եւ այս շրջանը լաւագոյն առիթն է մեզմէ վանելու ամէն տեսակի վատ խորհուրդներ, մտածումներ, ժխտական մօտեցումներ ու տրամադրութիւններ, եւ համակուելու Աստուծոյ սիրով՝ սիրելով մեր նմանները։ «Մեծ Պահքը պէտք չէ միայն սահմանափակուի ինքնազրկումի եւ որոշ ուտելիքներէ հեռու մնալու գաղափարով, այլ անոր կիզակէտը պէտք է ըլլայ ինքնաքննութիւնը, ինքնաքննարկումը, ինքնասրբագրումը եւ հոգեկան վերանորոգումը», շեշտեց սրբազան հայրը։
«Երբ Մեծ Պահքը կը մօտենայ աւարտին, պէտք է վերստին քննենք մենք զմեզ, Աստուծոյ դիմենք զղջումով, որպէսզի մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորենք Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, որ կեանքի յաղթանակն է՝ ընդդէմ մահուան», եզրափակեց առաջնորդը: