ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ այս օրերուն Արցախ կը գտնուին ապրիլեան պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած զինուորներու եւ կամաւորների ընտանիքներուն հանդիպելու նպատակով:
ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»ի վարչութեան անդամ Ցոլին Ջինեան կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան անդամները վեց ամիս շարունակ աշխատած են այս ծրագիրը իրագործելու համար: Ֆրանսիայի Մարսէյ, Փարիզ եւ Վալանս քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած համերգներու հասոյթը որոշած են օգտագործել ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար:
«Ինչ որ անում ենք շատ չնչին տոկոսն է հերոսների արածի համեմատ, բայց ուզում ենք ասել, որ սփիւռքահայն անտարբեր չէ Արցախում կատարուող դէպքերի նկատմամբ եւ միշտ հայրենիքի կողքին է», կը յայտնէ Ցոլին:
ՀՅԴ Ֆրանսիայի Երիտասարդական Միութեան անդամները ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ քանի մը օրուան ընթացքին այցելած են Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ ապրող նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն եւ իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը փոխանցած են անոնց: