Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Մայա Կոչիյանչիչ ըսած է, որ Ապրիլ 2ին, Հայաստանի մէջ կայացած Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կ՛արտացոլեն ժողովուրդի կամքը:
«Միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատականներուն համաձայն՝ ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին եւ հիմնարար ազատութիւնները յարգուած են: Սակայն ընտրութիւններուն վրայ ստուեր նետած են վստահելի տեղեկութիւնները ընտրակաշառքի, քաղաքային ծառայողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներու վրայ ճնշումներու մասին, որոնք ազդած են ընտրական գործընթացի հանդէպ մարդոց վստահութեան վրայ: Սակայն, ընտրութիւններու արդիւնքները կ՛արտացոլեն ժողովուրդի ընդհանուր կամքը», ըսած է Մայա Կոչիյանչիչ:
«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի համար կայուն, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կերտման: Ընտրական գործընթացը աւարտած է, եւ մենք մտադիր ենք աշխատելու ժողովրդավարական կերպով ընտրուած Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան հետ՝ մեր քաղաքական երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ վերջերս նախաստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի հիման վրայ տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներուն աջակցելու համար», ըսած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակը: