Հայաստան մօտ է ժողովրդավարական վարչակարգը «համախմբուած մենատիրական վարչակարգէն» անջատող շեմին: Այս մասին կ՛ըսուի Nations in Transit (Անցումային շրջանի երկիրներ) զեկոյցին մէջ, զոր պատրաստած է միջազգային իրաւապաշտպան «Ֆրիտըմ Հաուզ» (Freedom House) կազմակերպութիւնը, կը գրէ «Փանարմինըն»ը:
Ըստ զեկոյցին՝ հակառակ ասոր, Հայաստան կը պահպանէ քաղաքական բազմակարծութեան անհրաժեշտ մակարդակը, որ կը կանխէ մէկ մարդու կամ խումբի լիակատար տիրապետութիւնը:
Nations in Transit-ի զեկոյցը կը ներառէ 29 յետ-խորհրդային երկիրներ՝ Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Պալքաններու մէջ:
Զեկոյցին մէջ, Հայաստան միակ երկիրն է «համախմբուած կիսամենատիրական վարչակարգ»ի կարգավիճակով, մինչդեռ, Պելոռուսը, Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը կը բնութագրուին որպէս համախմբուած մենատիրական վարչակարգեր: Անդրադառնալով 2015ի սահմանադրական հանրաքուէին՝ զեկոյցը կը նշէ, որ այդ արմատական փոփոխութիւնները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար սեփական իշխանութիւնն ու դրամագլուխը պահպանելու միջոց են:
Ըստ զեկոյցին՝ խորհրդարանական կառավարման ձեւին անցնելէն բացի, եւս մէկ կարեւոր փոփոխութիւն է ընտրութիւններէն ետք կայուն մեծամասնութեան ապահովման նոր համակարգը, որ լրացուցիչ տեղեր կ՛ապահովէ Ազգային ժողովին մէջ այն կուսակցութեան համար, որ ձայներու առաւելագոյն քանակը կը ստանայ: Ատիկա թոյլ կու տայ անոր կառավարութիւն ձեւաւորելու:
Զեկոյցին համաձայն՝ կառավարման խորհրդարանական օրինակը ՀՀԿի իշխանութիւնը ապահովելու մեքանիզմ է:
Զեկոյցին մէջ վատթարացած է Հայաստանի ժողովրդավարութեան ցուցանիշը՝ 5.38 միաւորէն 5.39, ուր 1ով կը նշուի ամենաժողովրդավարական երկիրը, իսկ 7ով՝ ոչ-ժողովրդավարը:
Հարեւան Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը նոյնը մնացած է՝ 4.61 միաւոր: Ատրպէյճանի մէջ անիկա նուազած է՝ 6.86էն 6.93, իսկ Ռուսիոյ մէջ՝ 6.50էն 6.57: