ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս մեր երեկ-ուան թիւով փոխանցած էինք՝ Ապրիլ 4ին կայացած քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ քուէարկողներու աննախընթաց մեծաթիւ մասնակցութեան շնորհիւ, Կլենտէյլի եւ Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերուն աջակցութիւնը վայելող բոլոր թեկնածուները կրցան յաղթանակներ արձանագրել։
«Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ յաղթանակ ապահոված բոլոր թեկնածուները, որոնց արձանագրած յաղթանակը արդիւնք է համայնքին միակամ կեցուածքին», յայտարարեց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան՝ շեշտելով, որ մօտիկ ապագային ընտրեալներուն հետ պիտի սկսին խորհրդակցութիւններ՝ իրականացնելու համար շարք մը ծրագիրներ, որոնց կարգին են քաղաքի հարաւային շրջաններուն մէջ առաւել մատչելի բնակարաններու ապահովում, Ամերիկահայութեան թանգարանի ծրագիրի իրականացում, գործի կարելիութեանց ստեղծում եւ ապահովութեան երաշխաւորում։