ԵՐԵՒԱՆ, «Նիւզպուք».- ՆԱԹՕ կ՛աջակցի Վրաստանի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, իսկ Ատրպէյճան ՆԱԹՕի գործընկերն է. այսպէս յայտարարած է ՆԱԹՕի ընդհանուոր քարտուղարի տեղակալ Թաճան Իլտեմ, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։
Ան աւելցուցած է, թէ Պաքուի հետ ՆԱԹՕի յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ: Իսկ անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան՝ Իլտեմ ըսած է, որ այդ հակամարտութեան կարգաւորումով կը զբաղի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը, եւ աւելցուցած է. «ՆԱԹՕն չի կրնար միջամտել այդ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին»:
Վերջինս նաեւ պատասխանած է այն հարցումին, թէ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ ՆԱԹՕն, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը վերսկսի՝ ըսելով. «ՆԱԹՕն դէմ է ուժի կիրառման: Այդ պատճառով ալ մենք չենք փափաքիր նոյնիսկ մտածել պատերազմի հաւանականութեան մասին: Նման հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման կ՛աջակցին միջազգային կազմակերպութիւններ: ՆԱԹՕ եւս նոյնպիսի դիրքորոշում ունի եւ կը ջանայ տագնապներուն խաղաղ կարգաւորման նպաստել», յայտարարած է ան: