ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 11 Ապրիլին, Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ հանդիման ընթացքին Եւրոմիութեան (ԵՄ) պատուիրակութեան ղեկավար Փէօթր Սվիթալսքի յայտարարեց, որ ընտրողները կաշառելը եւ առաւել լայն ընտրական խախտումները կը ստուէրեն Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերը: Այդ երեւոյթը կը վնասէ Հայաստանին ու երկրին մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու զարգացման:
«Այո՛, Հայաստանը խնդիր ունի, բայց ես ապագային լաւատեսօրէն եմ նայում: Ես իմ ամբողջ ժամանակը ծախսում եմ վերլուծելով այն, թէ ինչպիսի գործնական միջոցներ կարելի է ձեռնարկել՝ ապագայում քաղաքական փտախտի նման երեւոյթներ կանխելու համար: Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի քաղաքական գործիչները պէտք է լուրջ քննարկումներ սկսեն այն բանի շուրջ, թէ ինչպիսի օրինական կամ վարչական միջոցներ կարող են ձեռնարկուել՝ ձայները գնելն ու վարչական ռեսուրսը կանխելու համար», յայտնեց Սվիթալսքի:
Նշելով, որ ԵՄ դիտորդները արդէն տուած են իրենց գնահատականը ընտրութիւններուն վերաբերեալ՝ Սվիթալսքի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ գործընկերներուն՝ Եւրոմիութեան ֆինանսաւորած նախագիծը ներդրելնուն համար: Ներդրուած նորարարութիւններուն շնորհիւ, հայ ընտրողները կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց ձայները հնարաւոր չէ գողնալ:
Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը յայտնեց նաեւ, որ ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրողները կաշառելու, ճնշում գործադրելու եւ վարչական լծակներու չարաշահման վերաբերեալ հաղորդումներ ստացած են: Այժմ ԵՄ պատուիրակութիւնը կը վերլուծէ ձեռքի տակ եղած բոլոր տուեալները՝ աւելի ուշ ներկայացնելու համար իր վերջնական եզրակացութիւնները:
«Ժողովրդավարութիւնը գործընթաց է, մշտական շարժում եւ Ապրիլի 2ին արուել է կարեւոր քայլը, այդ գործընթացը կը շարունակուի, այն անդառնալի է», շեշտեց ԵՄ ներկայացուցիչը: