
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամութեան կազմակերպութեան, Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակին առիթով, Կիրակի, Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 5-9 տեղի պիտի ունենայ «Ծանօթացիր Շուշիին. 2017» խորագրեալ ձեռնարկը, Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանին մէջ։
«Իր վաղեմի պատմութեամբ Շուշին միշտ եղած է հայ ինքնութեան կարեւոր մասնիկ մը, եւ այս ձեռնարկին ընթացքին այդ կարեւոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ պիտի առնուի։ Ձեռնարկը շատ լաւ առիթ մըն է տօնելու Շուշիի արձանագրած յառաջդիմութիւնը եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը դառնալու իրագործումը», կը յայտնէ Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամութեան կազմակերպութեան վարչութեան անդամ Ալեք Բաղդասարեան։
Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան վայելելու Արցախի իւրայատուկ ճաշատեսակները՝ սկսելով Ճինկալով հացէն ու հասնելով մինչեւ անուշեղէնները, պահածոները եւ մեղրը, ինչպէս նաեւ Արցախի գինիներն ու ոգելից ըմպելիները։
Ասնոց կողքին, մասնագէտներ ներկայ պիտի ըլլան, ներկայացնելու համար Արցախի տեսարժան ու պատմական վայրերը եւ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զանազան կարելիութիւնները։
Նաեւ, պիտի ներկայացուին Շուշիի բանաստեղծութեան, երգի եւ արուեստի նմոյշներ, եւ պիտի ցուցադրուին հոն արտադրուած գորգեր ու այլ կերպասեղէն։
Շուշիի մէջ շարք մը ծրագիրներ իրագործած Սփիւռքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւս ներկայ պիտի ըլլան, ներկայացնելու համար իրենց իրագործումներն ու ապագայի ծրագիրները։
Շուշիի ազատութեան եւ բարգաւաճման նեցուկ կանգնելու համար հաստատուած Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամութեան կազմակերպութեան այս տարուան ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի գլխաւորաբար Շուշիի երաժշտանոցներուն եւ քաղաքի համալսարանական ուսոնողներուն կրթանպաստներ տրամադրելու ջանքին։ Կազմակերպութիւնը յառաջացած է Լոս Անճելըսն ու Շուշին քոյր քաղաքներ հռչակելու 2012ի որոշումէն ետք, որ իրականացաւ՝ շնորհիւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի ջանքերուն։
«Ծանօթացիր Շուշիին. 2017» ձեռնարկի մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ աշակերտներու համար՝ 10 տոլար։ 12 տարիքը չբոլորած երեխաներուն մուտքը ձրի է։
Ձեռնարկին տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններով աջակցելու կարելիութեան համար, դիմել nyacoubian@aol.com կամ
LosAngelesShushiFriendship@gmail.com հասցէներուն։