ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իշխող կուսակցութեան՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի կարծիքով՝ Հանրապետական-Դաշնակցութիւն գործակցութիւնը նախեւառաջ քաղաքական որոշման արդիւնք պիտի ըլլայ:
Այս պահուն, երկու կուսակցութիւնները միասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու շուրջ բանակցութիւններ կը տանին: Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները Հանրապետական կուսակցութեան հնարաւորութիւն կու տան մինակը կառավարութիւն ձեւաւորելու, սակայն, Աշոտեան կը շեշտէ, թէ բացի ընդհանուր ծրագիրներէն, որոշ պարագաներու Հանրապետականը խորհրդարանին մէջ աւելի շատ ձայներու կարիք պիտի ունենայ:
«Նոր Սահմանադրութեամբ, մի շարք կարեւորագոյն օրէնքներ պահանջում են նոր քանակական ցենզ՝ երեք հինգերորդ, դա նշանակում է առնուազն 60 տոկոս ձայն: Հետեւաբար, կայ նաեւ, որոշ դէպքերում, նման համագործակցութեան սահմանադրական պահանջ», պարզաբանեց Աշոտեան:
Երկու կուսակցութիւններն ալ բանակցութիւններու ընթացքին մասին շատ քիչ մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն: Յստակ կը թուի ըլլալ մէկ բան, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր պաշտօնը պիտի պահէ նաեւ նոր կառավարութեան մէջ:
Դաշնակցութեան հետ բանակցութիւններ կը վարեն Հանրապետականի գործադիր մարմինի քանի մը անդամներ, որոնց անունները չեն բացայայտուած:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան Հինգշաբթի օր, «Երկիր Մեդիա»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այս հարցին:
Սոյն հարցազրոյցին ընթացքին Վարդանեան յայտնած է, որ բանակցութիւնները նախնական փուլի մէջ են, բայց Դաշնակցութիւնը եւ Հանրապետականը «իրար շատ արագ են հասկանում»: Այժմ կը քննարկուին ոչ թէ պաշտօններու, այլ երկրի ապագայի հարցը: Այն գնահատականները, թէ ՀՅԴն Հանրապետականի կցորդն է, Վարդանեան «զառանցանք» համարած է:
«Դաշնակցութիւնը երբեք որեւէ քաղաքական ուժի՝ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան, չգիտեմ, գերակայ ուժի կցորդ չի եղել ու չի լինելու: Թող որեւէ մէկը նման հալիւցինացիաներ (զարանցանքներ-Խմբ.) չունենայ: Դաշնակցութիւնն իր ինքնուրոյն, անկախ քաղաքականութիւնն ունի, իր սկզբունքներն ունի, որից երբեք չի հրաժարուել», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
Խորհրդարան մտած միւս երկու ուժերը՝ «Ելք»ը եւ «Ծառուկեան դաշինքը» Հանրապետականի հետ համագործակցութիւնը բացառած են: «Ծառուկեան դաշինք»ի ընտրացուցակի 4րդ հորիզոնականը գրաւող Վարդան Բոստանջեան Հինգշաբթի օր, «Ազատութեան» լրագրողին յայտնած է, որ իրենք ամենամեծ ընդդիմադիր ուժը պիտի ըլլան, նոր Սահմանադրութեամբ ալ Ազգային ժողովի մէկ փոխնախագահի պաշտօնը իրենց պիտի վերապահուի: