ԷՆՍԻՆՕ.- «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը Կիրակի, Ապրիլ 16ի առաւօտուն հնչեց Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, արձագանգ ըլլալով քրիստոնեայ աշխարհի պատմութեան մեծագոյն դէպքէն բխող բարի լուրին, որ համակած էր նաեւ հայաշխարհը, տօնը կանխող երեկոյէն՝ Ճրագալոյցէն սկսեալ։ Մեծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուած էին մեր եկեղեցիներու կամարներուն տակ, «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» պատասխանով դիմաւորելու համար աւետիսը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին գտնուող «Աւետիսեան» սրահին մէջ. ան իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ս. Յարութեան տօնի խորհուրդները եւ հաւատացեալները հրաւիրեց հետեւելու արդարութեան, ճշմարտութեան ու Քրիստոսով մարդկութեան դիմաց բացուած լոյսի ուղիներուն։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 17ին, շրջանի երկու գլխաւոր գերեզմանատուներուն մէջ Մեռելոցի տօնին առիթով հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ, այսպիսով՝ իր լրումին հասցնելով բազմաթիւ խորհուրդներով մարմնաւորուած շաբաթ մը, որ սկսած էր Ծաղկազարդի տօնով ու կտրած Աւագ Շաբթուան իմաստալից հանգրուանները (մանրամասնութիւնները՝ յետագային)։