ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, Ապրիլ 1ին, աւելի քան 250 ծնողներու, շրջանաւարտներու, բարեկամներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Օրենճ Քաունթիի հայկական միակ ամէնօրեայ վարժարանին՝ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի տարեկան ձեռնարկը, որ կրցաւ 100,000 տոլար գոյացնել:
Ձեռնարկին մեծագոյն անակնկալն էր երկար տարիներու հովանաւորներ Ալին եւ Ճուլիըն Մովսէսեաններու այն յայտարարութիւնը, թէ անոնք պիտի կրկնապատկեն ձեռնարկին ընթացքին հանգանակուած նուիրատուութիւններու գումարը։
Նաեւ, ձեռնարկին ընթացքին, շնորհիւ 10,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեան, հիմը դրուեցաւ Շանթ Համբարձումեանի անուան Արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան հիմնադրամին, որուն նպատակն է արդիականացնել վարժարանի սարքաւորումները։
Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Քէշիշեան ձեռնարկին ընթացքին յատուկ հռչակագիրներ յանձնեց շարք մը մեծարեալներու՝ գնահատելով վարժարանին մատուցած անոնց սպասարկութիւնները։ Մեծարեալներն էին՝ վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Սարգիս Եկէնեան, երկար տարիներով վարժարանի աշակերտներուն նեցուկ կանգնած Վրամ եւ Ալին Օհաննէսեաններ, ինչպէս նաեւ տարիներով կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած Թալին Մինասեանն ու Աննա Տէր Բարսեղեանը։
Իր կարգին, վարժարանի ծնողաուսուցչական մարմինի ատենապետ Ժպիտ Չինար վարժարանի համակիրներու եւ ծնողներու նուիրումին արդիւնքը համարեց անոր յաջողութիւնները՝ սոյն հաստատութիւնը համայնքին եւ յատկապէս անոր նոր սերունդին համար կենսական նկատելով։
Ապա, վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեան յայտարարեց. «Մեր աշակերտներուն նուաճած նոր բարձունքները կը պարտինք այն իրողութեան, որ անոնք կը կանգնին հսկաներու ուսերուն վրայ։ Այդ հսկաներն են մեր ծնողները, մեր նուիրատուները, մեր եկեղեցին եւ մեր ուսուցիչները։ Անոնք կը կանգնին ուսերուն վրայ այնպիսի՛ համայնքի մը, որ ի մի եկած է հայրենիքէն 7000 մղոն հեռու, դէմ դնելով ամէն տեսակ դժուարութիւններու»։