ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Մայիս 13ին կայանալիք իր տարեկան 32րդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ «Փրայմ Հելթքեր» առողջապահական ընկերութեան հիւանդանոցային գործողութեանց տնօրէն Մայք Սարեանը, որ կը հանդիսանայ այդ մարզին մէջ ամենաբարձրաստիճան պաշտօն ունեցող ամերիկահայը։
Այդ մարզէն ներս իր արձանագրած յաջողութեան կողքին, Սարեան շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Հայաստանին եւ Արցախին, առողջապահական սարքաւորումներ ապահովելով անոնց հիւանդանոցներուն (աւելի քան 2 միլիոն տոլար արժող), ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելով հայկական եկեղեցիներու, վարժարաններու, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։
Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի հայութեան մատուցած իր սպասարկութիւններուն շնորհիւ, Մայք Սարեան 2015ին արժանացաւ հեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին:
Ամերիկահայ բժշկական միութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պիտի մեծարուին Վահէ Կարապետեան, Պարէտ Մարոնեան եւ տոքթ. Դանիէլ Սթանպուլեան։
Ամերիկահայ բժշկական միութեան նպատակն է մարդասիրական զանազան միջոցառումներով նպաստել յատկապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան առողջապահութեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ձեռնարկը հովանաւորելու կարելիութեանց ծանօթանալու համար, այցելել www.aamsc.com/files/32nd-gala.pdf կայքէջը։