«Ուր ալ գտնուինք Ապրիլ 24ին, մենք սրտով հայ ժողովուրդին հետ ենք». Դիմատետրի իր էջին վրայ, ըստ «Փանորամա»ի, գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Ով չ՛ընդունիր «ցեղասպանութիւն» բառը, ան կասկածի տակ կը դնէ զոհերուն թիւը, կը քննարկէ՝ եղա՞ծ է, թէ ո»չ, գրած է ան՝ յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ Պետական Դուման 1995ին ընդունած է բանաձեւ՝ Պատմական հայրենիք՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 1915-1922 թուականներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտման մասին: