ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա».- Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակին օրը, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ բողոքի մեծ ցոյց մը իրականացաւ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:
«Աւելի քան 100 տարի անց՝ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ մնալ անպատիժ՝ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կիրառելով ժխտողականութեան ծրագիրը: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ Արժանթինը աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի առաջամարտիկներէն է»,- ըսուած է հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու յայտարարութեան մէջ:
«Մեր ուղերձը ընդդէմ այս դեսպանութեան է, որ կը ներկայացնէ ցեղասպան ու ժխտող պետութիւնը, որ չէ փոխուած եւ կը շարունակէ սրել իր դիրքորոշումը իբրեւ անհանդուրժող եւ մենատէր պետութիւն»,- ըսած է Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած քայլերթին կազմակերպիչներէն մէկը՝ Հարաւային Ամերիկայի հայկական Երիտասարդական Միութեան նախագահ Կարօ Սէֆէրեան:
Երթէն առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ, որուն մասնակցած է Արժանթինի փոխնախագահ Կապրիէլա Միճետի:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը այսօր յիշելը կ՛օգնէ մեզի թոյլ չտալու, որ նման կոտորածներ կրկին պատահին: Երբ կը խօսինք ցեղասպանութեան մասին, մենք գործ ունինք մարդկութեան դէմ յարձակման հետ,- նշած է Միճետի, որ այնուհետեւ կարդացած է Ուիլեըմ Սարոյեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը: Ան յիշեցուցած է, որ Արժանթինը օրէնքի ուժով ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը 2007 թուականին:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ պատգամաւորներ, որոնք մաղթած են, որ հայ ժողովուրդը գտնէ արդարութեամբ հաստատուած խաղաղութիւնը: