ԹԻՖԼԻՍ.- Ապրիլ ամսուան սկիզբը Վիրահայոց թեմի բոլոր հայաբնակ տարածաշրջաններուն եւ քաղաքներուն մէջ մեկնարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակի ձեռնարկները, որոնց աւարտը հանդիսացաւ Ապրիլ 24ի յիշատակի Ս. պատարագն ու խաղաղ քայլարշաւը:
Արդ, Ապրիլ 24ին, մարդոց հոսքը դէպի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի սկսաւ շատ կանուխ առաւօտեան՝ մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ս. եւ անմահ պատարագին, զոր մատոյց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան։
Ներկայ էին Վրաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան, Վրաստանի խորհրդարանի անդամներ Դաւիթ Ճիճինաձէ եւ Ռուսլան Պօղոսեան, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Պայպուրթեան, դիւանագէտներ, համայնքային գործիչներ, մտաւորականներ, հասարակակական կազմակերպութիւններու անդամներ եւ հաւատացեալներ:
Յընթացս Ս. պատարագի, պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի քարոզեց օրուան խորհուրդին մասին՝ հայցելով Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը հայ ժողովուրդի, հայրենիքի ու անոր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին համար:
Կիրակնօրեայ Ս. պատարագէն ետք Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած Ցեղասպանութեան յիշատակի խաչքարին մօտ, Վազգէն եպս. Միրզախանեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն, ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը: Ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին Յիշատակի խաչքարի պատուանդանին:
Այնուհետեւ, Վրաստանի հայ համայնք-կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, թիֆլիսահայերու շարասիւնը ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ հանրահաւաք:
Բանալով հանրահաւաքը, Վրաստանի հայ համայնքի հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտչեան Ապրիլ 24ը անուանեց հայութեան միասնութեան օր, կոչ ըրաւ հանրահաւաքի մասնակիցներուն՝ նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնելու Հայ Դատին եւ հայոց արդար պահանջատիրութեան:
Հանրահաւաքին, որ կ՛ընթանար հայերէնով, վրացերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով, դատապարտման, ճանաչման եւ հատուցման կոչով հանդէս եկան Սանդրօ Օհանեան, Միքայէլ Աւագեան, Լեւոն Չիդիլեան, Սուսաննա Խաչատրեան, Գարեգին Քոչեան, Մոնիքա Քուրքչեան, Մարինա Գիրագոզովա-Մոսեսովա, Սուսաննա Մանուէլեան, Գուրգէն Մխիթարեան եւ այլոք:
Հանրահաւաքին ընթացքին հնչեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ երգեր:
Ապրիլ 24ի ձեռնարկները լուսաբանուեցան Վրաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներով:
Ապրիլ 24ին, յիշատակի պատարագներ, բողոքի շարժումներ, քայլերթեր եւ խաղաղ հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վրաստանի այլ հայաբնակ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ: