ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի, 25 Ապրիլին հանդիպեցաւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ներկայացուցիչներու խումբը կը գլխաւորէր IDeA-ի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան։
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներէ ներս իրականացուող զարգացման ծրագիրները եւ նոր նախաձեռնութիւնները:
Ըստ Ռուբէն Վարդանեանի՝ 2007էն ցայսօր IDeA հիմնադրամը գործընկերներու, նուիրատուներու հետ միասին Հայաստանի մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման համար արդէն ներդրած է աւելի քան 550 միլիոն տոլար եւ կը նախատեսէ յառաջիկայ 15 տարիներուն շուրջ 1.3 միլիառ տոլարի յաւելեալ ներդրումներ ներգրաւել:
IDeA-ի հիմնադիրը ներկայացուց Հայաստանի զարգացման նոր նախագիծերու առաջարկներու փաթեթը, որ կը ներառէ գործող ծրագիրներու շարունակականութիւնը եւ նոր ուղղութիւններ:
Ռուբէն Վարդանեան մանրամասնեց առաջարկուած ծրագիրները՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, հեռահաղորդակցութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ֆինանսադրամատնային համակարգի հզօրացման ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ Արցախի զարգացման ուղղուած ներդրումային ծրագիրները:
«Ես ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Ռուբէն Վարդանեանին եւ իր գործընկերներին, որ մտահոգ են Հայաստանի համար, կանոնաւոր աշխատանքներ են իրականացնում մեր երկրում, եւ մենք մեր վերաբերմունքով, համարժէք արձագանգով պէտք է ոգեւորենք նրանց: Կառավարութիւնը շահագրգռուած է, որպէսզի իւրաքանչիւր ներդրող Հայաստանում իրեն պաշտպանուած ու յարմարաւէտ զգայ: Այդ իսկ պատճառով, պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութիւնը պէտք է լինի հասկանալի եւ ձեռնտու: Մենք պատրաստ ենք քննարկել բոլոր առաջարկութիւնները», հանդիպման աւարտին ըսաւ վարչապետ Կարապետեան: