ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ապրիլ 27ին, Թուրքիոյ օդային ուժերը ռմբակոծած են երկրին քրտաբնակ շրջաններուն մէջ գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան շարք մը դիրքեր:
Թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ սպայակոյտի ղեկավարութեան հաղորդած տուեալներուն համաձայն՝ ռմբակոծումներուն զոհ գացած են առնուազն 8 քիւրտ զինեալներ, իսկ ռմբակոծումներուն զուգահեռ իրականացուած ցամաքային գործողութեանց ընթացքին ձերբակալուած են նոյնքան ուրիշներ, ինչպէս նաեւ ոչնչացուած են կուսակցութեան պատկանող թաքստոցներ եւ զինանոցներ:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը, Թուրքիոյ Վան նահանգին մէջ թրքական բանակային դիրքի մը վրայ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն մէկ յարձակումին ընթացքին, թրքական բանակը տուած էր առնուազն մէկ զոհ եւ երեք վիրաւոր: Վիրաւորներէն մէկը ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած է Վան քաղաքի հիւանդանոցը: