ՊԷՅՐՈՒԹ.- 24 Ապրիլին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր բազմահազար լիբանանահայերուն։
Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ պետական, կուսակցութեանց, յարանուանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատլէն Վարդանեան: Ան իր խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ այսօրուան հրամայականը եւ հայու պատասխանատու կեցուածքը կը կայանան ո՛չ միայն հայ ըլլալու մէջ։
Արաբերէնով ներկայ հիւրերը ողջունեց եւ օրուան յայտագիրը ներկայացուց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:
ՍԴՀԿի խօսքը ուղղեց Անի Եփրեմեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ գոյութիւն ունի հանգոյց մը, որ աւելի կնճռոտ կրնայ նկատուիլ Գորդեան հանգոյցէն եւ աւելի քան հարիւր տարիէ կախուած է օդին մէջ, եւ որ կը կոչուի Հայ Դատ:
Խօսք առաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Բարսեղեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայութեան պայքարի զէնքը աւելի զօրաւոր է, քան հիւլէական ռումբը: Այդ պայքարի զէնքը հայութեան հաւատքն է, կամքը, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը:
Այս առիթով խօսք առին նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարը մեր գոյութեան իրաւունքի եւ լինելութեան հարցն է: Իւրաքանչիւր հայ, համեստ բանուորէն մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական բարձր դիրքերու հասած դէմք, իրաւունք չունի տկարանալու իր պահանջատիրութեան մէջ: Հիմնականը համազգային մեր վճռակամութեան ամրապնդումն է՝ չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու եւ միշտ իրաւատիրոջ եւ պահանջատիրոջ դիրքերէն խօսելու:
Ապա խօսք առաւ ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ 102 տարի ետք Թուրքիոյ վարած ուրացման եւ ժխտողական քաղաքականութիւններէն ետք կը համախմբուինք բարձրաձայն յայտարարելու, որ կեանքը մահուան կը յաղթէ, արդարութիւնը պարտութեան կը մատնէ կուտակուած անցեալը, ուրացման համաճարակները եւ անտարբեր քաղաքականութեան գործադրումը:
Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան զոհերը չյիշելը կը նշանակէ դաւաճանութիւն գործել մեր պատմութեան հանդէպ, իսկ յիշելը կը նշանակէ՝ անոնց ոգեղինացած ներկայութեան մէջ դիտել մեր կեանքը, քննել մեր ազգային հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ վաղուան պատմութիւնը կերտելու պատասխանատուութեամբ կշռել մեր հայրենասիրութեան որակը:
Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտ Զարուհի Բաբայեան եւ լիբանանահայ անուանի երաժիշտ եւ յօրինող, դաշնակահար Կի Մանուկեան: